ՀԱԼԷՊԸ ԱՍՏԻՃԱՆԱԲԱՐ ԿԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒԻ

Սուրիոյ հայաշատ Հալէպ քաղաքը աստիճանաբար կը վերականգնուի՝ անցնելով իր երբեմնի բնականոն հունը։

Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, այս մասին յայտնած է Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ժիրայր Ռէիսեան՝ նշելով, թէ սուրիահայերը կամաց-կամաց կը վերադառնան իրենց տուները եւ կը շարունակեն զբաղիլ իրենց աշխատանքով: «Սուրիահայերը կը վերադառնան, քանի որ այստեղ ձգած են իրենց տունն ու տեղը», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ հիմնական բարդութիւնը կապուած է ժողովուրդի տնտեսական վիճակին հետ:

«Սննդամթերքի պակասի հարցեր չկան, կան միայն  նիւթական դժուարութիւններ, սակայն քաղաքին մէջ կեանքը իր աշխատանքային վիճակին մէջ է: Վերականգնուած է նաեւ քաղաքին ջրամատակարարումը: Յուսանք, որ յառաջիկայ օրերուն դրական տեղաշարժ ըլլայ նաեւ ելեկտրականութեան պարագային, քանի որ բաւական վերջերս ելեկտրականութիւն կ՚ունենայինք օրուան մէջ ընդամէնը երկու ժամ», ըսած է պատգամաւորը:

Ժիրայր Ռէիսեանի խօսքով՝ նոր ուսումնական տարուան ընդառաջ դպրոցները նոյնպէս կը պատրաստուին վերամուտին:

Անդրադառնալով Հալէպի օդակայանին, Ռէիսեան ըսած է, որ անիկա գրեթէ պատրաստ է, սակայն անվտանգութեան նկատառումներէն մեկնելով, դեռ չի գործեր: «Այնտեղ թռիչքներ կ՚իրականացուին, սակայն ոչ պաշտօնական, հանրային ծառայութեան իմաստով», աւելցուցած է ան:

Ուրբաթ, Օգոստոս 18, 2017