ՍՊԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՄՂՁԱՒԱՆՋ

Պարսելոնայի մէջ երէկ պատահեցաւ ահաբեկչական ահաւոր դէպք մը, որու վերաբերեալ լուրերուն հասու դառնալով, դրուագները տեսնելով՝ համայն աշխարհ քար կտրեցաւ բառին բուն իմաստով։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը ստանձնեց այս սահմռկեցուցիչ յարձակման պատասխանատուութիւնը։ Պարսելոնայի նշանաւոր Լա Ռամպլաս պողոտային վրայ մինիպիւս մը յանկարծ ներխուժեց բազմութեան մէջ։ Ակնթարթի մը մէջ պողոտան արիւնով ողողուեցաւ։ 13 հոգի մահացաւ, աւելի քան 100 հոգի վիրաւորուեցաւ։ Անվտանգութեան մարմինները ձերբակալեցին երկու հոգի։

Սպանիոյ մէջ այս դէպքին հետեւանքով հռչակուեցաւ եռօրեայ սուգ։ Վարչապետ Ռախոյ յայտնեց, որ ազատութեան սիրահար մարդիկ երբեք պարտութեան պիտի չմատնուին բարբարոսութեան դիմաց։

Թուրքիա անմիջապէս արձագանգեց այս ահաբեկչական արարքին՝ զօրակցելով Սպանիոյ։ Անգարայի ղեկավարութիւնը խստիւ դատապարտեց դէպքը։ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց, որ կ՚անիծէ այս յարձակումը եւ Թուրքիա կը մնայ իր բարեկամ Սպանիոյ կողքին։

Միջազգային ընտանիքն ալ առկայ ծանր իրավիճակին մէջ կը զօրակցի Սպանիոյ։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը դատապարտեց այս բարբարոսական ահաբեկչութիւնը։ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընն ալ ցաւակցութիւն յայտնեց Պարսելոնայի ահաբեկչութեան համար եւ օգնութիւն առաջարկեց՝ դէպքի հետաքննութեան ուղղութեամբ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 18, 2017