«ՄԻԱՍ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ՀԱՆ­ՐԱ­ՀԱ­ՒԱՔ»

Երէկ, Երեւանի մէջ հսկայ հանրահաւաք մը տեղի ունեցաւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնավարութեան 100-րդ օրուան լրացման առթիւ։ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Երեւանի կեդրոնին մէջ նախ տեղի ունեցաւ երթ մը, որու աւարտին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ նախատեսուած մեծ հանրահաւաքը։ Ծովածաւալ բազմութեան մը ներկայութեամբ վարչապետը հանդէս եկաւ խանդավառ ելոյթով մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ երկրի արտաքին ու ներքին քաղաքական օրակարգին վերաբերեալ զանազան խնդիրներու։ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ սա հայ ժողովուրդի միասնութեան հանրահաւաքն է։ Ուստի, ան հանրահաւաքի մասնակիցներէն խնդրեց իջեցնել ոեւէ անձի դէմ բարձրացուած պաստառները։

Իր որպէս վարչապետ պաշտօնավարութեան 100-րդ օրուան աւարտի լրացման առթիւ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ ան ամենամեծ ձեռքբերումը կը համարէ Հայաստանի յաղթանակած քաղաքացին։ Ըստ իրեն, նոր Հայաստանի մէջ այլեւս քաղաքական բանտարկեալներ գոյութիւն պիտի չունենան։ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ժամանակ բացատրեց, որ իր կառավարութիւնը ձեւաւորուած էր Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, ուստի վարչապետական պաշտօնի լրացման 100-րդ օրուան առթիւ կառավարութիւնը հաշուետու է այդ նոյն հրապարակին։ Հանրահաւաքի ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողքին էին իր տիկինը՝ Աննա Յակոբեան եւ իր գլխաւորած կառավարութեան անդամները։ Փաշինեան ամփոփեց տնտեսական ձեռքբերումները ու մատնանշեց, որ կ՚արձանագրուին տնտեսական աշխուժութիւն եւ ներգաղթի բարձր ցուցանիշներ։ Իր խօսքով՝ քաղաքական յեղափոխութեան պիտի յաջորդէ տնտեսական յեղափոխութիւնը։

Վարչապետ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգի կարեւոր խնդիրներուն մասին։ «Մեր նպատակներէն մին է հայ-ռուսական բարեկամութիւնը նոր մակարդակի մը բարձրացնել», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։ Ան կարեւոր պատգամներ տուաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, որ Արցախի անունով պէտք է բանակցին Ստեփանակերտի իշխանութիւնները։

Փաշինեան իր գլխաւորած կառավարութեան 100 օրուայ պաշտօնավարման ձեռքբերումներու շարքին համարեց նաեւ կաշառակերութեան ու փտածութեան դէմ երկրէն ներս ձեռնարկուած համատարած պայքարը։

Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի քաղաքական օրակարգին վրայ կը գտնուի կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններու հարցը՝ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ այս նիւթին։ Վարչապետը համոզուած է նաեւ, որ մինչ խորհրդարանական ընտրութիւնները, անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարելու։

Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ 1 մարտ 2008 թուականին Երեւանի մէջ պատահած արիւնալի դէպքերուն շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի իրաւապահ մարմինները վերջերս վերաձեռնարկած են այս նիւթի վերաբերեալ հետաքննութեան, որու ծիրէն ներս կը կատարուին աղմկայարոյց ձերբակալութիւններ։ «Մարտի 1-ի գործը բացայայտուած է եւ այդ շրջանակներուն մէջ բոլոր պատասխանատուները պիտի պատժուին», ըսաւ երէկուան հանրահաւաքի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան։ «Ոեւէ մէկը պիտի չկարողանայ խուսափիլ մարտի 1-ի դէպքերու տասն քաղաքացիները սպաննելու պատասխանատուութենէն», յայտարարեց հանրահաւաքի ժամանակ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Շաբաթ, Օգոստոս 18, 2018