ԱՆԿԵԼԱ ՄԵՐՔԷԼ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յառաջիկայ օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ Օգոստոսի 24-25-ին նախատեսուած է այս այցելութիւնը՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէրով։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու վարչապետները կը գլխաւորեն հայ-գերմանական բարձր մակարդակի բանակցութիւնները։ Աւելի վերջ Նիկոլ Փաշինեան եւ Անկելա Մերքէլ համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը կ՚ամփոփեն բանակցութիւններու արդիւնքները։ Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Անկելա Մերքէլ կը հիւրընկալուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։

Գերմանիոյ վարչապետը Երեւանի մէջ կ՚այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր։

Շաբաթ, Օգոստոս 18, 2018