ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐՈՒ ՓՈՒԼ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այս առթիւ երկու ղեկավարները առաջնահերթօրէն անդրադարձան Սուրիոյ եւ Լիպիոյ իրադրութեան։ Էրտողան եւ Փութին կանգ առին զբօսաշրջութեան, հաղորդակցութեան, ուժանիւթի եւ տնտեսութեան բնագաւառներէ ներս երկկողմանի յարաբերութիւններու խթանման վրայ։ Անոնք խօսեցան նաեւ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ համատեղ պայքարի հանգամանքներուն շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ռուսաստան յայտարարած է քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ մը արտադրած ըլլալու մասին։ Այս կէտէն սկսալ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի համապատասխան մարմինները կ՚ենթադրեն աւելի սերտ համագործակցութիւն մը։

Էրտողան եւ Փութին մանրամասնօրէն անդրադարձան արեւելեան Միջերկրականի եւ Լիպիոյ իրադարձութիւններուն։ Անոնք ընդգծեցին համագործակցութիւնն ու երկխօսութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը։ Էրտողան եւ Փութին համակարծիք գտնուեցան Սուրիոյ կացութեան կապակցութեամբ Անգարա-Մոսկուա զինուորական ու դիւանագիտական շփումները տեւականացնելու ուղղութեամբ։

Քրեմլինի աղբիւրներն ալ գրաւոր յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան երէկուան այս հեռախօսազրոյցին շուրջ։ Ռուսական կողմի պաշտօնական հաղորդումներով, հիմնական շեշտը Լիպիոյ տագնապին վրայ դրուած է։ Վերստին ընդգծուած է հակամարտ կողմերու իսկական քայլերու անհրաժեշտութիւնը՝ կայուն հրադադարի եւ ուղղակի բանակցութիւններու գործարկման ուղղութեամբ, Պերլինի խորհրդաժողովի որոշումներուն եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի թիւ 2510 բանաձեւին համապատասխան։

Սուրիոյ տագնապի կտրուածքով Էրտողան եւ Փութին շեշտը դրին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մէջ համատեղ ջանքերու աշխուժացման վրայ։ Անոնք պայմանաւորուեցան ապագայ համակարգման շուրջ՝ ի շահ Իտլիպի վերաբերեալ Թուրքիա-Ռուսաստան համաձայնութիւններուն եւ Սոչիի յուշագրի յաւելեալ արձանագրութեան կատարման։

Նախագահները շօշափեցին նաեւ միջազգային օրակարգի այլ հրատապ հարցերը՝ մասնաւորապէս Մերձաւոր Արեւելքի խնդիրներու կարգաւորումը։

Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյցին զուգահեռ՝ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի զինեալ ուժերը երէկ Իտլիպի հարաւին դարձեալ համատեղ հերթապահութիւն իրականացուցին։ Իր նմաններու շարքին 25-րդ այս հերթապահութեան ընթացքին ալ ծագեցան դէպքեր։ Թուրք զինեալ ուժերէն զրահապատ մեքենայ մը ենթարկուեցաւ յարձակման։ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ այդ շրջանը կրակի տակ առնուած է։

Միւս կողմէ, նախագահ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Իտալիոյ վարչապետ Ճիւզեփփէ Քոնթէի հետ։ Քննարկուեցան Միջերկրականի արեւելքի իրադարձութիւնները։ Անոնք համամիտ գտնուեցան երկկողմանի համագործակցութիւնն ու երկխօսութիւնը շարունակելու ուղղութեամբ։ Էրտողան եւ Քոնթէ շօշափած են զանազան լուծման տարբերակներ, որոնց շնորհիւ բոլորին տեսակէտէ նպաստաւոր պայմաններ կրնան ստեղծուիլ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2020