ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երկրէն ներս երէկ 74 հազար 846 քննութիւն կատարուեցաւ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1233 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 22 հոգի զոհ գնաց համաճարակին, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ՝ 1002։ Ներկայ դրութեամբ 686 հիւանդի կացութիւնը կը համարուի ծանր։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա այս տուեալներու հիման վրայ մատնանշեց, որ 11 մարտէն ի վեր քորոնաժահրով վարակուածներու թիւը անցած է 250 հազարի սահմանը։ Ներկայիս 12 հազար 575 հիւանդ կը համարուի աշխոյժ՝ վարակը փոխանցելու ներուժով։ Ըստ նախարարին, նոր վարակեալներու մեծամասնութիւնը դիւրութեամբ կը բուժուի։ Բայց եւ այնպէս, վարակի ծաւալման թափը կը բարձրացնէ նաեւ թիւը այն հիւանդներուն, որոնց դարմանումը դժուար է։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա զգուշացումներ ըրաւ նաեւ մօտալուտ վերամուտի կապակցութեամբ։ «Մանուկներն ու երիտասարդները, դպրոցներն ու մեծերը հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընեն համաճարակի դէմ։ Հնազանդութիւն թող ցուցաբերուի կանոններուն նկատմամբ եւ դպրոցները թող վերաբացուին», յայտնեց Ֆահրետտին Քոճա։

Երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ կարգ մը յաւելեալ սահմանափակումներ հաստատուեցան՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ։ Այլ քաղաքներու մէջ ալ յաւելեալ միջոցներ ձեռք առնուած են՝ կանխելու համար վարակի ծաւալումը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2020