ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՄԻՇՏ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը հերթական յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտարարեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ աշխատիլ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համապարփակ ու երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման նպատակով։ Բանբերը յիշեցուց, որ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն վերջերս շփումներ ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ «Այսպէսով մենք մեր խոր մտահոգութիւնը յայտնեցինք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ արձանագրուած վերջին մարտերուն առընչութեամբ, որոնց հետեւանքով եղան մարդկային զոհեր ու վիրաւորներ։ Մենք կոչ ուղղեցինք անյապաղ քայլերու ձեռնարկել՝ թուլացնելու համար լարուածութիւնը եւ խուսափելու կողմերու միջեւ ապագայ մագլցումներէ։ Լարուածութեան վերջին աճը, կը կարծենք, ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ կամ անկէ բխած բոլոր մնացեալ հարցերը բանակցային, համապարփակ ու կայուն կերպով կարգաւորելու անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ ան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ բանբերը շեշտեց նաեւ, որ ամերիկեան կողմը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ կողմերու հետ աշխատանքները տեւականացնելու իր յանձնառութեան։ «Մենք պիտի շարունակենք այս բանը ընել ինչպէս երկկողմանի, այնպէս ալ համախոհ գործընկերներու հետ, Եւրոմիութեան հետ, ինչպէս նաեւ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ՝ օգնելու համար երկիրներուն, որպէսզի գտնեն երկարաժամկէտ համապարփակ խաղաղութիւն», ըսաւ ան։

Այս բոլորի լոյսին տակ Փրայս ընդգծեց, որ հակառակ վերջին շաբաթներու լարուածութեան աճին, այնուամենայնիւ, Ուաշինկթըն կը շարունակէ տեսնել, որ կայ հնարաւորութիւն։ «Մենք մշտապէս ընդունած ենք, որ սա գծային գործընթաց մը պիտի չըլլայ։ Հաւատացած ենք, թէ շարունակական երկխօսութեան, ներգրաւման՝ ներառեալ ամենաբարձր մակարդակներով, շնորհիւ պիտի կարողանանք ընել հնարաւոր ամէն բան, որպէսզի օգնենք երկարաժամկէտ համապարփակ խաղաղութեան յառաջ մղուելուն», եզրափակեց բանբերը։

Հարկ է նշել, որ հայկական լրահոսին մէջ վերջին օրերուն ուշադրութիւն կը գրաւեն զանազան տեղեկութիւններ, ըստ որոնց յառաջիկայ շրջանին Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ շփումները վերստին թափ պիտի ստանան։ Բացի մամուլէն, Հայաստանի ընդդիմադիր զանազան կուսակցութիւններու աղբիւրներն ալ վերջին օրերուն կը հաղորդեն, որ Պրիւքսելի եւ Մոսկուայի մէջ հանդիպումներ կը նախապատրաստուին Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ։ Այս ամբողջին մէջ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան փոխ-նախագահ Արմէն Աշոտեանն ալ ըսաւ. «Հայաստանի իշխանութիւնները քանի մը ամիս առաջ Ալիեւին խոստացած էին Բերձորը։ Եւ այդպէս պիտի ըլլայ մնացեալ բոլոր հարցերուն մէջ։ Բերձորի շուրջ տեղի ունեցած գործընթացները դաւաճանութիւն են։ Երբ հասարակութիւնը զգուշացուեցաւ, որ Ատրպէյճան ճանապարհ կը կառուցէ, իշխանութիւնները ընդդիմութիւնը մեղադրեցին՝ Ատպէյճանին սպասարկելով»։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2022