ԱՄԷՆ ԲԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է…
Թէեւ ո՛չ լրիւ բոլորաձեւ, բայց մարդուս աչքը կլորի վրայ է։ Առանց հաշուելու կոպերը՝ աչք ըսուածը գնդիկ մըն է։ Անկիւնաւո՞ր է. ո՛չ, անշուշտ… Իսկ տեսողութիւնը յաճախ եւ ընդհանրապէս կ՚ընկալուի անկիւնաւոր։ Տեսադաշտի պարագային կ՚ուրուագծուին անկիւններու մէջ պատկերներ։ Բնա՞զդ, հակասութի՞ւն…
Քարանձաւներու պատերու փորագրութիւնները բոլորաձե՞ւ ամբողջ մը կը կազմեն։ Անասուններու կաշիներու վրայ գրուած մագաղաթները, հին ձեռագիրները, Կիւթենպերկի գիւտէն ի վեր տպուած գիրքերը… միշտ սուր անկիւններու մէջ կը պարզուին մարդոց աչքին առջեւ։ Ձախէն աջ, աջէն ձախ կամ ուղղահայեաց՝ բոլոր այբուբեններով գրուածի կամ տպուածի պարագային փոփոխութիւն չկայ…
Արդի ժամանակներուն ալ նոյն առանցքին շուրջ է վիճակը։ Շարժանկարի, հեռատեսիլի կամ համակարգիչի պաստառներն ալ միշտ անկիւնաւոր են՝ առ հասարակ ուղղանկիւն քառանկիւն, հորիզոնական։ Սմարթֆոններու, պնակիտներու պաստառները նոյնպէս անկիւնաւոր են՝ միայն ձեռքի շարժումով մը կրնան ցոյց տալ ուղղահայեաց կամ հորիզոնական։
Հապա ապագայի՞ն… Արհեստական բանականութիւնը կրնա՞յ մարդուն աչքերը դարձնել անկիւնաւոր, իսկ պաստառները բոլորաձեւ։ Անկարելի բան չկայ, անշուշտ՝ մանաւանդ, որ հիմնաւորումները կամ վարկածները կը վերաբերին ինչ-ինչ գործօններու՝ գիտականէն մինչեւ տնտեսական։
Վրայ կը հասնի Շէյքսփիրի խօսքը. «Ամէն բան պատրաստ է, եթէ մեր միտքն ալ այդպէս է»։
Այսօր միթէ յայտնի՞ է, թէ մարդը ինչի՛ պատրաստ է։ Հարցերուն հարցը չէ՞, որ մարդկութիւնը կարելիութիւն չունի առողջ կողմնորոշուելու։ Պատճա՞ռ. գիտականէն… մինչե՜ւ տնտեսական։