ԱՄԻՐ ԱՊՏՈՒԼԼԱՀԻԱՆ ՌԻԱՏԻ ՄԷՋ

Թեհրան-Ռիատ առանցքին վրայ ձիւնահալը թափով կը շարունակուի՝ ամենաբարձր մակարդակի վրայ այցելութիւններու փոխանակումով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան այս օրերուն կ՚այցելէ Սէուտական Արաբիա։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս շփումներուն ընթացքին երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգի զանազան հարցերուն կապակցութեամբ քննարկումներ կը ծաւալուին։ Օրակարգի վրայ կ՚ըլլան նաեւ կողմերուն տեսակէտէ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով խնդիրներ։

Իրան եւ Սէուտական Արաբիա երկկողմանի յարաբերութիւններու վերականգնման ուղղեալ քայլեր կ՚առնեն՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզումէն եօթ տարի անց։ Ռիատի եւ Թեհրանի միջեւ յարաբերութիւնները սրուած էին 2015 թուականի մարտին՝ Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիայի գլխաւորած համախոհութեան կողմէ ռազմական գործողութիւններու սկիզբին հետեւանքով։ 2016 թուականի յունուարին Թեհրանի մէջ Սէուտական Արաբիայի դեսպանատան վրայ կատարուած յարձակումներէն վերջ թագաւորութիւնը խզած էր իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները Իրանի հետ։ Այս տարուան մարտի 10-ին, Թեհրան եւ Ռիատ համաձայնութեան հասած էին՝ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու աշխատանքը վերականգնելու ուղղութեամբ։

Ռիատի մէջ Ամիր Ապտուլլահիան հիւրընկալուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պին Ֆարհան Ալ-Սաուտի կողմէ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 18, 2023