ՂԱՐԻՊԱՇՎԻԼԻ ԻՍՐԱՅԷԼ ԱՅՑԵԼԵՑ
Վրաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ ազատ առեւտուրի շուրջ բանակցութիւններ պիտի սկսին յաջորդ տարի։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Իսրայէլ, ուր հիւրընկալուեցաւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի կողմէ։ Ան իր շփումներուն կապակցութեամբ հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը։ «Ուրախ եմ Պենիամին Նեթանիյահուի հետ հանդիպմամբ՝ Իսրայէլ կատարած իմ պաշտօնական այցելութեան ընթացքին։ Մենք քննարկեցինք երկկողմանի օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ։ Երբ մենք յաջորդ տարի սկսինք ազատ առեւտուրի շուրջ բանակցութիւնները, մեր տնտեսական, պաշտպանական եւ անվտանգութեան կապերը պիտի շարունակուին ամրապնդուիլ։ Շնորհակալ ենք Իսրայէլին՝ Վրաստանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու համար», նշուած է Ղարիպաշվիլիի ընկերային ցանցերու գրառման մէջ։
Հարկ է յիշեցնել, որ անցեալ մայիսին Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլի եւ Իսրայէլի տնտեսութեան ու արդիւնաբերութեան նախարար Նիր Պարքատ հռչակագիր մը ստորագրած էին՝ երկու երկիրներու միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի նպատակայարմարութեան ուսումնասիրութիւնը աւարտելու վերաբերեալ։