ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ կառավարութեան նիստին ընթացքին խորհրդածութիւններով հանդէս եկաւ՝ նախօրէին տեղի ունեցած ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստին շուրջ։ Ամփոփելով հրատապ ժողովը՝ վարչապետը  նշեց, որ այսպէսով Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը հաստատուած է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան հիմնական երեք առանցքներու շուրջ ամփոփեց ժողովին արդիւնքները եւ ըսաւ. «Առաջին՝ Միջազգային բարձրագոյն ատեանին մէջ ընդգծուեցաւ Լաչինի միջանցքի փակ ըլլալը։ Ի հարկէ, Հայաստանի հանրութեան կրնայ տարօրինակ թուիլ, թէ սա կ՚արձանագրեմ՝ որպէս ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մէջ տեղի ունեցած քննարկման արդիւնք, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ Ատրպէյճան անընդհատ ու շարունակաբար կը պնդէ, թէ Լաչինի միջանցքը փակ չէ։ Երկրորդ՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ տեղի ունեցած քննարկումը հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական ճգնաժամի գոյութիւնը եւ տեղւոյն 120 հազար բնակչութեան կեանքն ու անվտանգութիւնը կը գտնուին կասկածի տակ։ Երրորդ՝ ընդգծուեցաւ, որ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումը՝ Լաչինի միջանցքով անձերու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու երկու ուղղութիւններով անխափան տեղաշարժը ապահովելու վերաբերեալ, Ատրպէյճանի կողմէ չէ կատարուած։ Այժմ կրնանք արձանագրել, որ Միջազգային բարձրագոյն ատեանին վրայ ճշմարտութիւնը Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման ու անոր հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի վերաբերեալ բարձրաձայնուած է։ Նաեւ միջազգային հանրութեան կողմէ հաւաքական կոչ հնչած է Ատրպէյճանին, որպէսզի դադրեցնէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակումը»։

Նիկոլ Փաշինեան աւելցուց, որ միջազգային հանրութեան այս կոչը այս պահու դրութեամբ իրականացուած չէ եւ 22 բեռնատար՝ շուրջ 400 թոն մարդասիրական բեռնով Լաչինի միջանցքի մուտքին մօտ կը սպասէ Լեռնային Ղարաբաղ երթալու հնարաւորութեան։ Ի լրումն այս բոլորին, վարչապետը ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակը օրէ օր կը սրուի։ Միեւնոյն ժամանակ, գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնող Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները կը յայտնուին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կրակահերթերուն տակ, որպէսզի բերքահաւաք իրականացնելու հնարաւորութիւն չունենան։

«Ատրպէյճան մէկ կողմէ կ՚արգելափակէ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ 100 թոն ալիւրի մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ, միւս կողմէ թոյլ չի տար, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը իր ցանած հացահատիկը հաւաքէ ալիւր ունենալու համար։ Սա եւս փաստ մըն է, թէ կը հիմնաւորէ միջազգային փորձագէտներու կողմէ յառաջ քշուած թեզը, ըստ որու Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը սովամահութեան ենթարկելու միջոցաւ ցեղասպանութեան կ՚ենթարկէ, հետեւաբար Լաչինի միջանցքի բացումը ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուղղուած քայլ մը ըլլալով պէտք է դիտարկել։ Կը կարծեմ, թէ միջազգային հանրութիւնը պէտք է կեդրոնանայ այս ընկալման վրայ», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ ստեղծուած իրավիճակի լաւագոյն լուծումը Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման դադրեցումն է, Ստեփանակերտ-Պաքու երկխօսութեան մեկնարկը՝ միջազգային դրութեան շրջանակին մէջ։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ վերահաստատել իր հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին նկատմամբ եւ Ատրպէյճանին կոչ կ՚ուղղէ ձեռնպահ մնալ խաղաղութիւնը հաստատելու պատմական հնարաւորութիւնը զերոյացնելու ուղղեալ քայլերէ», նշեց վարչապետ Փաշինեան։

Երեւանի իշխանութիւններէն ամենաբարձր մակարդակի վրայ հնչած այս յայտարարութիւններուն զուգահեռ՝  Հայաստանի ընդդիմութիւնն ալ կ՚արտայայտէ իր վերաբերմունքը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստին շուրջ։ Ընդդիմադիր շրջանակները այս նախաձեռնութիւնը կը համարեն ձախողած ու ապարդիւն՝ իշխանութիւններու վարած սխալ քաղաքականութեան հետեւանքով։ Ընդհանուր առմամբ, քննադատութիւններուն մէջ աչքի կը զարնէ հիմնական շօշափելի տեսակէտ մը, ըստ որու հայակական կողմը ՄԱԿ-է ներս օրակարգի վրայ պէտք է բերէր՝ դէպի Արցախ մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու համար օդային միջանցքի մը բացման հարցը։

Միջազգային գետնի վրայ ալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը կ՚ունենայ արձագանգներ։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը հերթական անգամ տեղեկացուց, թէ մտահոգուած է Լաչինի միջանցքի շրջափակումով եւ կը շարունակէ այդ միջանցքով ազատ տեղաշարժի վերականգնման կոչ ուղղել Պաքուին։ Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քէօրպի այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Մենք, անշուշտ, խորապէս մտահոգուած կը մնանք առեւտրային, մարդասիրական եւ մասնաւոր փոխադրամիջոցներու համար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ միջանցքի շարունակական արգելափակմամբ։ Մենք կը փափաքինք, թէ այդ միջանցքը դարձեալ բացուի։ Մենք կը շարունակենք Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ ուղղել՝ շուտափոյթ վերականգնել առեւտրային, մարդասիրական ու մասնաւոր փոխադրամիջոցներու ազատ տարանցումը այս միջանցքով», ըսաւ Քէօրպի։ Բաց աստի, Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնատարը նշեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ օգնելու համար Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին խաղաղութեան հասնելու դիւանագիտական ճանապարհով։ «Մենք որոշ աստիճանի վրայ կը պահենք մեր երկխօսութիւնը եւ դիւանագիտութիւնը տարբեր մակարդակներով։ Նկատի ունիմ, որ մենք կանոնաւոր կ՚աշխատինք հասնելու լաւագոյն արդիւնքներուն դիւանագիտական ճանապարհով», եզրափակեց ան։

Մինչ այդ, Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, որ տարածաշրջանային ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է, Պաքուի շփումները աւարտելէ վերջ անցաւ Երեւան, ուր երէկ ընդունուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին շօշափուած են առկայ հրատապ օրակարգի զանազան ծալքերը։

Բաց աստի, երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի միջեւ։

Միջազգային հեղինակաւոր լրատուամիջոցներն ալ կը շարունակեն Արցախի ենթարկուած պաշարումը խոշորացոյցի տակ պահել։ Անգլիական մամուլին մէջ ալ լոյս կը տեսնեն հրապարակումներ, ըստ որոնց Արցախը արդէն կը նմանի մեծ համակեդրոնացման ճամբարի մը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 18, 2023