ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՑՈՅՑ
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ահաբեկչութեան դէմ բողոքի մեծ ցոյց մը։ «Ո՛չ ահաբեկչութեան, այո՛ եղբայրութեան» կարգախօսով կազմակերպուած ցոյցին շրջագծով տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ Սըհիէի հրապարակէն երթ մը իրականացուցին դէպի Ուլուս՝ Թուրքիոյ առաջին խորհրդարանի շէնքը։ Հսկայ դրօշակ մը կրեցին ցուցարարները, որոնք Առաջին խորհրդարանի շէնքին առջեւ պահեցին յարգանքի լռութիւն ու երգեցին Անկախութեան քայլերգը։ Այսպէսով իր աւարտին հասաւ այս ցոյցը, որ կազմակերպուած էր շաբթուան սկիզբին տասնչորս գործատուներու կամ աշխատաւորական կազմակերպութեան կոչին հիման վրայ։
Առաջին խորհրդարանի պատմական շէնքի պատշգամէն այս առթիւ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Թուրքիոյ Առեւտրական գրասենեակներու եւ սակարաններու միութեան նախագահ Ռիֆաթ Հիսարճըքլըօղլու։ Ան ըսաւ, թէ այս երթին բոլոր մասնակիցները տէր կանգնած են երկրի, ազգի, պետութեան միութեան ու միասնականութեան։ Ըստ իրեն, օրն է տէր կանգնելու միութեան ու միասնականութեան եւ միասնաբար ազգային դիրքորոշում մը արտայայտուած է ահաբեկչութեան դէմ։