ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ ՄԷԿ ՅԱՐԿԻ ՏԱԿ»
Հայաստանի Միջազգային գործարար կապերու աջակցման կոմիտէին կողմէ հաղորդուեցաւ, թէ յառաջիկայ Սեպտեմբերի 20-ին տեղի պիտի ունենայ «Երկիրները մէկ յարկի տակ» տարեկան ցուցահանդէս-համաժողովը, որուն շրջագծով նախատեսուած է նաեւ մրցանակաբաշխութիւն մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս նախաձեռնութիւնը նոյնաժամանակ կը հետապնդէ քանի մը նպատակ, որոնց շարքին առաջնահերթ կը դասուի Հայաստանի դիւանագիտական կառոյցներուն ծանօթացնել երկրի ներդրումային ծրագրերը, ներկայացնել անոր էթնիք առանձնայատկութիւնը։ Ծրագրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ՝ կրթութեան, սննդաարդիւնաբերութեան, թեթեւ արդիւնաբերութեան, ոսկերչութեան եւ ադամանդագործութեան, հանքարդիւնաբերութեան, երկրագործութեան, ուժանիւթի, շինարարութեան, տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու, առողջապահութեան, բժշկութեան, զբօսաշրջութեան, դրամատնային, ծառայութիւններու մատուցման եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու բնագաւառները։
Ցուցահանդէս-համաժողովը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ Հայաստանի եւ օտարերկրեայ ընկերութիւններուն միջեւ գործարար կապերու հաստատման եւ համագործակցութեան ուղղութեամբ։ Տեղական կամ արտասահմանեան ընկերութիւնները կը ներկայացնեն իրենց ծառայութիւններն ու արտադրանքը բացօթեայ ցուցահանդէսի մը ձեւաչափին մէջ։ Կը կազմակերպուին քննարկումներ, կը ներկայացուին զեկոյցներ՝ ներդրումային ծրագրերու շուրջ եւ արտածման խթանման նպատակով։
«Երկիրները մէկ յարկի տակ» խորագրեալ այս տարեկան ցուցահանդէս-համաժողովը կը կազմակերպուի 2011 թուականէն ի վեր։ Անցեալ չորս տարիներու ընթացքին այս ծրագիրը ունեցած է լուրջ եւ գործնական արդիւնքեր՝ նպաստելով շարք մը ընկերութիւններու շուկայի ընդլայնման եւ արտածումներու իրականացման։ Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի նման երկիրներէ ընկերութիւններու հետ հայկական ընկերութիւններ, ստորագրած են պայմանագրեր։
Այս փառատօն-ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը Սեպտեմբերի 20-ին տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, Կարապի լիճի հարեւանութեամբ։ Սեպտեմբերի 22-ին ալ նախատեսուած է գործարար-տնտեսական համաժողով մը, որու ընթացքին ելոյթներով կամ զեկուցումներով հանդէս պիտի գան Հայաստանէն պետական գործիչներ, Երեւանի մօտ պաշտօնավարող դիւանագէտներ եւ արտասահմանեան գործարարներ։