ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱԿԱՆ ՀԷՆՔ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով ամսավերջին Նիւ Եորքի մէջ պիտի տեսակցին ՄԱԿ-ի 70-րդ նստաշրջանի բացման փուլին շրջագծով՝ շարունակելու համար բանակցութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ տեղի պիտի ունենայ բանակցութիւններուն այս հերթական փուլը։ Երկար ժամանակէ ի վեր դիւանագիտական շրջանակներէն հասած ազդանշանները արդէն հասունցուցած էին այս հաւանականութիւնը, իսկ վերջին օրերուն արդէն յստակացաւ թուականը։ Նախարարներու հանդիպման թուականի հրապարակումէն առաջ հրադադարի խախտումները լրջօրէն սաստկացան եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ այցելեց տարածքաշրջան։ Պաքուի եւ Երեւանի մէջ ան ունեցաւ բարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ։ Միջնորդները մինչեւ տարեվերջ թէեւ կը նախատեսեն հանդիպում մըն ալ կազմակերպել Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ, սակայն ըստ երեւոյթին առ այժմ վաղահաս են այդ ուղղութեամբ խօսակցութիւնները եւ առաջին հերթին պէտք է սպասել նախարարներու ամսավերջի հանդիպման արդիւնքին՝ շարունակութեան մասին ենթադրութիւններ ընելու համար։
ԵԱՀԿ-ի Միսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք նախարարներու ժամադրութեան հրապարակումէն առաջ վերջերս հանդէս եկաւ զանազան յայտարարութիւններով։ Ան ըսաւ, թէ միջնորդները կը փափաքին տարեվերջին կազմակերպել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը։ «Երկու նախագահներն ալ մեզի ըսած են, որ իրենք կը փափաքին արագացնել բանակցութիւնները ու մենք կ՚ողջունենք այս բանը», ըսաւ Ուորլիք եւ աւելցուց, թէ Նիւ Եորքի մէջ իրենք պիտի տեսակցին Նալպանտեանի եւ Մամէտեարովի հետ ու պիտի նախապատրաստեն նախագահներու տարեվերջի հանդիպումը։ Հետեւաբար, միջնորդները կը պատրաստուին նախարարներուն հետ քննարկել մանրամասնութիւններ եւ աշխատիլ նախագահներու ակըն-կալուած հանդիպման օրակարգին վրայ։ Ամերիկացի համանախագահը միեւնոյն ժամանակ մտահոգութիւն յայտնեց սահմանի վերջին լարուածութիւններուն հետեւանքով եւ ընդգծեց, թէ եկած է խաղաղութեան ժամանակը։ «Կը հաւատամ, տարածքաշրջանի ժողովուրդները պատրաստ են խաղաղութեան, սակայն արդեօք գոյութիւն ունի՞ քաղաքական կամք՝ բանակցութիւններու միջոցաւ կարգաւորման հասնելու համար», նշեց Ուորլիք։ Անդրադառնալով վերջին փախումներուն՝ ան նշեց նաեւ, թէ երկու կողմերէն ալ օգտագործած են ականանետեր։ Ան համոզուած է, թէ իրավիճակին նման լարումը անթոյլատրելի է։
Հարկ է նշել, որ սահմանի վերջին լարուածութիւնները ապրուեցան Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի մէջ իրականացուած զօրավարժութիւններու մթնոլորտին մէջ։ Նիւ Եորքի տեսակցութեան ընդառաջ այժմ կը հաղորդուի, թէ սահմանի լարուածութիւնը պիտի դառնայ նախարարներու մօտալուտ զրոյցի հիմնական նիւթերէն մին։
Դեսպան Ճէյմս Ուորլիքի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն առընթեր վերջին օրերուն լայն արձագանգ ստեղծած են նաեւ ամերիկեան Stratfor մասնաւոր վերլուծական կեդրոնին կողմէ հրապարակուած տեղեկութիւնները։ Թէեւ մասնագէտները միշտ կ՚ընդգծեն, որ հայ-ազէրի սահմանին վրայ լարուածութիւնը ձեռնտու է միայն Մոսկուայի համար, սակայն Stratfor-ի պնդումներով՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ հաւանական կը նկատուի նշանակալից շրջադարձ մը։ Ըստ հետազօտական կեդրոնին, Ռուսաստան եւ Ատրպէյճան կրնան համագործակցիլ՝ խաթարելու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ կարգավիճակը։ Վերջին շրջաններուն հետզհետէ կ՚աճին ազդանշանները, թէ սառեցեալ հակամարտութեան պարագային Ռուսաստան եւ Ատրպէյճան կրնան համագործակցիլ՝ այն առանցքին շուրջ, որ ռուսական կողմը կը պատրաս-տըւի խաղաղապահներ ուղարկել եւ փորձել երկարաժամկէտ վերահսկողութիւն հաստատել այդ տարածքաշրջանէն ներս։ Կարելի է նաեւ նկատել նշաններ, թէ Մոսկուայի ռազմավարութիւնը սկսած է փոխուիլ այս նիւթին շուրջ։ Ակնյայտ է, որ անցեալի բաղդատմամբ Մոսկուայի եւ Պաքուի յարաբերութիւնները շատ աւելի լաւ են, ինչ որ ենթադրել կու տայ, թէ Մոսկուա արդեօք հրապարուիչ առաջա՞րկ մը ըրած է Պաքուին՝ Լեռնային Ղարաբաղի խիստ ազգայնական նիւթին շուրջ։ Վերլուծաբանները նշած են, թէ Ատըր-պէյճան յոգնած է ԵԱՀԿ-ի միջնորդութեամբ բանակցութիւններէն եւ Եւրոպայի հետ համագործակցութենէն։ Ուստի, Պաքու կը փափաքի տեսնել, թէ արդեօք վերջին տարիներու ռազմական պատրաստութեան օգնութեամբ կրնա՞յ ետ բերել իր տարածքները։
Հայաստան տիրապետելով այդ տարածքներու բարձունքներուն վրայ՝ կը պահպանէ Ատրպէյճանի դէմ ռազմավարական առաւելութիւնը եւ ակնյայտօրէն կը գերադասէ պահպանել առկայ կարգավիճակը։ Միակ ճանապարհը, որով Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Հայաստան պիտի պարտաւորուի պայմանները վերաբանակցելու, մարտական գործողութիւններու վերսկը-սումն է։ Ռուսաստան՝ որպէս Հայաստանի միակ հովանաւորը, անոնց վերջ տալու համար պիտի խաղայ միջնորդի գլխաւոր դերը։ Վերլուծաբանները կը կասկածին, թէ այդ ծրագրին ուղղութեամբ Հայաստանին վրայ ճնշումներ կրնան բանեցուիլ միայն դիւանագիտական միջոցներով։ Այնուամենայնիւ, անկարելի է վստահ ըլլալ, թէ այս վարկածը անպայման կ՚իրագոր-ծըւի, սակայն բաւական ազդանշաններ գոյութիւն ունին՝ որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով հաւանական ցնցումները վերլուծաբանները ներառնեն իրենց հետազօտութիւններու ցուցակի առաջին շարքին վրայ։ Ըստ իրենց, ունենալով Լեռնային Ղարաբաղը իր որդեգրման սպասող տարածքներու ցուցակին վրայ՝ Ռուսաստան հաւատարիմ պիտի մնայ իր սահմաններէն դուրս ոտքի տեղ ընելու եւ աւելի ընդլայ-նըւելու քաղաքականութեան։
Հայաստանեան լրատուամիջոցներն ալ արձագանգած են այս վերլուծութիւններուն՝ նշելով, որ ղարաբաղեան հարցին շուրջ Մոսկուա վտանգաւոր խաղեր կը խաղայ։ Կը շեշտուի, որ Հայաստան յայտնուած է ռուսական ճնշման ներքեւ, որմէ դուրս գալու գինը կրնայ դառնալ Լեռնային Ղարաբաղ՝ ռուս խաղաղապահներով կամ առանց անոնց։
Այս մթնոլորտին մէջ, Արցախի ղեկավարութիւնը հերթական անգամ արձագանգեց ռուս խաղաղապահներու տեղակայման հարցին։ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան շեշտեց, թէ վերոյիշեալ վերլուծութեան մօտեցումները կապ չունին իրականութեան հետ, իսկ նախատեսուած վտանգները չափազանցուած են։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան ըրած յայտարարութիւններուն մէջ ան ընդգծեց, որ եթէ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները լաւանան եւ տըն-տեսական ոլորտէ ներս անոնք համագործակցին, ապա այդ երեւոյթը պիտի նուազեցնէ հակամարտութեան գօտիէն ներս լարուածութեան հաւանականութիւնը։ Արդարեւ, սա առաջին հերթին ձեռնտու պիտի չըլլայ Ռուսաստանի տեսակէտէ։ Եթէ ըլլան ռազմական գործողութիւններ, բարձրանայ լարուածութիւնը, ապա Ռուսաստան պիտի կրէ տնտեսական կորուստներ։
Անդրադառնալով ռուս խաղաղապահներու նիւթին՝ Դաւիթ Պապայեան ըսաւ, թէ նման հարցի մը պարագային կարելի է խօսիլ միայն հեռաւոր ապագայի համար՝ այդ ալ խորհրդանշական հէնքի մը վրայ։
«Մենք բազմիցս յայտարարած ենք ու կը շարունակենք կրկնել, որ խաղաղապահներուն հարցը հնարաւոր պիտի ըլլայ քննարկել, եթէ հակամարտութիւնը կարգաւորուի, եթէ Ատրպէյճան ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, Արցախի սահմանները եւ միայն այդ ժամանակ, այդ ալ կը կարծեմ խորհրդանշական, կարելի է քննարկել խաղաղապահներու տեղակայման հարցը։ Սակայն այդ պարագային ալ արդէն խաղաղապահներու տեղակայման հարցը անիմաստ պիտի ըլլայ, քանի որ երկու երկիրներու զինեալ ուժերը կը կարողանան առանց միջնորդութեան պահպանել երկրի սահմաններն ու զինադադարը», ըսաւ Պապայեան։
Իր կարգին, Եդուարդ Նալպանտեանն ալ երէկ յայտարարեց, թէ Երեւան հաւատարիմ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման։
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարեց, թէ Մոսկուա հնարաւորը կ՚ընէ ղարաբաղեան հարցի շուտափոյթ կարգաւորման համար։ Ըստ իրեն, Ռուսաստան աշխուժօրէն ներգրաւուած է կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Մոսկուա կը հանդիսանայ այդ գործընթացի աշխոյժ մասնակիցը եւ հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի մօտենայ հարցին վերջնական լուծումը։
ՄԱԿ-ի 70-րդ նստաշրջանի սկիզբին առթիւ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Զախարովա անդրադարձաւ նաեւ ռուս-ազէրի յարաբերութիւններուն։ «Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւնները կը գնահատենք որպէս աշխոյժ զարգացող։ Ատրպէյճան Ռուսաստանի գործընկերն է ոչ միայն քաղաքական, այլեւ տնտեսական ու այլ բնագաւառներէ ներս։ Մեր երկիրներուն միջեւ աշխոյժ երկխօսութիւն կը ծա-ւալուի բոլոր մակարդակներու վրայ։ Յոյս ունինք, որ մեր յարաբերութիւններու աշխոյժութիւնը պիտի պահ-պանուի եւ պիտի զարգանայ», ըսաւ ռուս բանբերը։
Բաց աստի, Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քէօրպին ալ վերջին օրերուն անդրադարձաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրին։ Ան ըսաւ, թէ Ուաշինկթըն մտահոգ է հակամարտութեան գօտիէն ներս լարուածութեան աճելուն բերումով։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի հակամարտ կողմերը զերծ մնան ամէն տեսակ բռնութենէ։ Ամերիկացի բանբերը յիշեցուց, որ երկու երկիրները պարտաւորութիւն ստանձնած են՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ լուծումը փնտռելու համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս։