ՓԵՐՄԵԱՔՈՎԻ ՓՈՐՁԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ
Կիւմրիի մէջ տարեմուտին Աւետիսեաններու ընտանիքին եօթ անդամները սպաննած ռուս զինուորական Վալերի Փերմեաքովի դատահոգեբանական եւ դատահոգեբուժական համալիր փորձաքննութիւնը երէկ սկսաւ՝ քաղաքին մէջ խարսխուած Ռուսաստանի ռազմակայանէն ներս։ Երէկ իրականացուած քննութեան առաջին մասը տեւեց շուրջ երեք ժամ։ Հայ մասնագէտները փորձաքննութիւնը իրականացուցին ռուսական ռազմակայանի տարածքէն ներս։ Ներկայ գտնուեցան նաեւ Աւետիսեաններու իրաւայաջորդներու փաստաբանները։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, փաստաբանները ձեռնպահ մնացին մեկնաբանութիւններով հանդէս գալէ՝ մինչեւ մասնագիտական եզրակացութեան ամբողջացումը։ Անոնք միայն ըսին, թէ յաջողած են էական տուեալներ ստանալ։
Պաշտօնական աղբիւրները ներկայ դրութեամբ կը դժուարանան յստակ ժամկէտ մը նշել՝ Վալերի Փերմեաքովի դատավարութեան սկիզբին համար։