ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հանրապետութեան նա-խագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս Հինգշաբթի Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ամենարիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ այս երկկողմանի կարեւոր տեսակցութիւնը։ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւններուն օրակարգը այս շրջանին ծանրաբեռնուած է էապէս։ Էրտողան-Թրամփ տեսակցութեան ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ պիտի գայ ԱՄՆ-ի կողմէ ԵՓԿ-ՓԵՏ-ին ուղղակիօրէն կատարուած զէնքիի եւ զինամթերքի օժանդակութեան հարցը։ Արդարեւ, թրքական կողմը այս խնդիրը ուղղակիօրէն իր ազգային անվտանգութեան սպառնալիք մը կը համարէ։

Բաց աստի, Էրտողան-Թրամփ հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան ՖԵԹԷՕ-ի պարագլուխ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի Թուրքիա արտայանձնման խնդիրը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կողմէ Ռուսաստանէն «Ս-400» հակաօդային պաշտ-պանութեան համակարգերու ներածման հարցը։ Ըլլալով ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիր մը, Թուրքիա ներկայիս Ռուսաստանէն այդպիսի հրթիռներ գնելու ուղղութեամբ լուրջ քայլերու կը ձեռնարկէ, ինչ որ դաշինքի երկիրներէն ներս կը համարուի որոշ չափով հակասութիւն։

Քաղաքական մեկնաբաններու կարծիքով, Ան-գարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ներկայիս խորացած է վստահութեան պակաս մը եւ եթէ Էրտողան-Թրամփ տեսակցութիւնը անցնի դրական մթնոլորտի մը մէջ, ապա այդ վստահութեան հարցի յաղթահարման ուղղութեամբ կրնան ստեղծուիլ լուրջ նախադրեալներ։

Միւս կողմէ, Էրտողան-Թրամփ հանդիպման ընդառաջ, շաբաթավերջին Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահները հանդիպում մը ունեցան Թիրանի մէջ։ Այսպէս, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Հուլուսի Աքար տեսակցեցաւ ԱՄՆ-ի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Ճոզըֆ Տանֆորտի հետ։ Ալպանիոյ մայրաքաղաքին մէջ երկու բարձրաստիճան զինուորականները կը գտնուէին ՆԱԹՕ-ի զինուորական կոմիտէի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահներու ժողովին առթիւ։ Անոնք շօշափեցին երկու երկիրներու օրակարգին վրայ գտնուող շարք մը առկայ նիւթեր։ 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2017