ԴՐԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Սոչիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Նախագահներու այս կարեւոր տեսակցութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար եւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու։ Բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Սուրիոյ տագնապը՝ մանաւանդ Իտլիպի հրատապ հարցը։ Էրտողան եւ Փութին այսպէսով վերջին տասն օրուան ընթացքին երկրորդ անգամ մէկտեղուած եղան՝ գրեթէ նոյնանման օրակարգով։ Մինչ միջազգային հանրութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Իտլիպի իրադարձութիւններուն՝ Էրտողան եւ Փութին գետին ստեղծեցին դրական լուծումի մը համար։ Այդ լուծումը դրական է, որովհետեւ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ըմբռնում մը գոյացած է՝ որպէսզի Իտլիպի հարցը կարգաւորուի անզէն ձեւով։ Իտլիպի պարագային ներկայիս մահուկենաց կացութիւն մը ստեղծուած է եւ Անգարայի ու Մոսկուայի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը կ՚ուրուագծէ մարդասիրական ելքի մը հեռանկարը։ Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ Հուլուսի Աքար եւ Սերկէյ Շոյկու ստորագրեցին փաստաթուղթ մը։ Ռուս նախարարը յայտարարեց, որ Իտլիպի մէջ ռազմական գործողութիւններ պիտի չիրականացնեն։

Ըստ Սոչիի մէջ ապահովուած համաձայնութեան, Իտլիպի պարագային պիտի ստեղծուի ապազինուած շուրջ 20 քիլօմեթր երկարութեամբ գօտի մը։ Ընդդիմադիրները պիտի շարունակեն մնալ իրենց գտնուած վայրերուն մէջ, սակայն ծայրայեղ խմբաւորումները պիտի չկարենան գործունէութիւն ծաւալել այդ գօտիէն ներս։ Ծանր զէնքերը ետ պիտի քաշուին։ Ռուսաստան պիտի ապահովէ՝ որպէսզի Իտլիպ յարձակումներու չենթարկուի։ Յիշեալ գօտիի երկու կողմերուն Ռուսաստան եւ Թուրքիա համատեղ ձեւով հերթապահութիւն պիտի իրականացնեն։

Սոչիի բանակցութիւններէն վերջ Էրտողան եւ Փութին սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ նախագահը յայտնեց, որ մարդասիրական ճգնաժամ մը կանխուած է Իտլիպի պարագային։ «Թէ՛ երրորդ կողմերու խափանարարութիւնները եւ թէ ոտնձգութիւններու ստուգումն ու կանխարգիլումը դարձեալ միասնաբար պիտի ապահովենք», ըսաւ Էրտողան։

Սոչիի մէջ նախագահը շեշտեց, որ Սուրիայէ ներս ահաբեկիչներու գտնուած շրջանները Իտլիպով սահմանափակ չեն։ Իր խօսքով՝ ամենամեծ սպառնալիքը Իտլիպէ աւելի Եփրատի արեւելքին տեղակայուած ՓԵՏ-ԵՓԿ-ն է։ «Այս ահաբեկչական ճահիճները պէտք է չորցուին», ըսաւ նախագահ Էրտողան։

Միւս կողմէ, Թեհրանի ղեկավարութեան կողմէ ալ երէկ յայտարարուեցաւ, որ Իրան ռազմական գործողութիւններու պիտի չմասնակցի Իտլիպի մէջ։  

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2018