ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՔ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ յետմիջօրէին հիւրընկալեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն եւ փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ զրոյց մը, որ տեւեց շուրջ ժամ մը։ Տեսակցութիւնը զուգադիպեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ մեր համայնքէն ներս հրատապ օրակարգ դարձած է Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը։ Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքէջին վրայ, երէկ, օրուան սկիզբին, պաշտօնական ժամանակացոյցի վրայ տեղ գտած էր այս տեսակցութիւնը։ Հանդիպումէն վերջ ալ թողարկուեցաւ լուսանկար մը, սակայն պաշտօնական աղբիւրները տեսակցութեան բովանդակութեան կապակցութեամբ ոչինչ հաղորդեցին։

Պետրոս Շիրինօղլու եւ Հերման Պալեան երէկ երեկոյեան ժամերուն մայրաքաղաքէն վերադարձան բաւական լաւատեսութեամբ։ Անոնք յայտնեցին, որ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուած էին Հանրապետութեան նախագահին կողմէ, որ սիրալիր զրոյց մը ունեցած էր իրենց հետ։ Անդրադառնալով քննարկումներու բովանդակութեան՝ Պետրոս Շիրինօղլու նշեց, որ հազիւ քանի մը վայրկեան տեւած է պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ խօսակցութիւնը։ Արդարեւ, նախագահ Էրտողան նշած է, որ Ներքին գործոց նախարարութիւնը կը շարունակէ աշխատանք տանիլ պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութեան վրայ, որու պատրաստութիւնները պիտի աւարտին շուտով եւ կանոնադրութիւնն ալ պիտի փոխանցուի անմիջապէս։ Ուստի, նախագահը բարեմաղթութիւններ յղած է համայնքին՝ պատրիարքական ընտրութեան համար։

«Նախագահը հետաքրքրուեցաւ, որ մեր համայնքը ունի՞ մասնաւոր դժուարութիւն մը, կա՞յ խնդիր մը, որու լուծման կրնայ աջակցիլ։ Մենք ալ պատասխանեցինք, որ այս պահու դրութեամբ մասնաւոր խնդիր մը չունինք», ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու։

Երէկուան հանդիպման ընթացքին քննարկուած բուն նիւթը եղած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հանդիպակաց՝ երբեմնի բանջարանոցի ընդարձակ տարածքի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման հարցը։ Ինչպէս ծանօթ է, այդ տարածքի նոյնիսկ կալուածաթուղթը մօտաւոր անցեալին վերաբանաձեւուած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի անունով։ Բայց եւ այնպէս, Զէյթինպուրնուի քաղաքապետութիւնը այդ կարգադրութեան դէմ դիմած էր դատարան եւ համայնքապատկան այդ կալուածի պարագային ստեղծուած էր հակասական կացութիւն մը։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր իրաւական գետնի վրայ յամառ պայքար կը տանի այս խնդիրը յաղթահարելու եւ իրեն տրուած կալուածաթուղթի վերջնական գործադրութեան ուժը ապահովելու առաջադրութեամբ։ Սա թէ՛ շատ նուրբ եւ թէ ճակատագրական գործընթաց մըն է մեր համայնքին տեսակէտէ։ Պետրոս Շիրինօղլու նախապէս ալ այս խնդիրը նախագահ Էրտողանի նկատառման յանձնած էր եւ երէկ ալ զրոյցի առանցքը կազմած է այս նիւթը։ «Մեր հոգաբարձութեան կազմին մէջ կալուածներու հարցերով կը զբաղի պարոն Հերման Պալեան։ Ուստի, քանի որ պարոն նախագահին հետ այս հարցին շուրջ պիտի խօսէինք՝ իրեն ներկայացանք երկուքով։ Պարոն նախագահը, ինչպէս միշտ, դրական վերաբերմունք ցոյց տուաւ մեր խնդրանքներուն նկատմամբ։ Տեղւոյն վրայ անմիջապէս հրահանգներ փոխանցեց պատկան քանի մը մարմիններու եւ այդ բոլորը տեղ գտան նաեւ իր քարտուղարութեան արձանագրութիւններուն մէջ։ Իր կողմէ տրուած այդ հրահանգներուն զուգահեռ՝ պարոն Հերման Պալեան յառաջիկայ օրերուն շփումներ պիտի մշակէ որոշ մարմիններէ պատասխանատուներու հետ եւ այսպէսով կը յուսանք, թէ կարճ ժամանակի ընթացքին մեր խնդիրը պիտի գտնէ բարւոք լուծում։ Յառաջիկայ քայլերու արդիւնքով ստեղծուելիք կացութիւնը վերստին պիտի արժեւորուի պարոն նախագահի վերահսկողութեան ներքեւ», ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու։

Նախագահ Էրտողանի զօրակցութեան ամուր եւ յստակ կամքը ընդգծելով՝ Պետրոս Շիրինօղլու նշեց, որ յառաջիկայ օրերու շփումները պիտի առընչուին, ըստ էութեան, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթեմի եւ Զէյթինպուրնուի քաղաքապետարանին։ Այս պահուն թէեւ շարք մը դատավարութիւններ ընթացքի մէջ են, սակայն խնդիրները բարւոք եւ արդար լուծումի մը կրնան յանգիլ, եթէ բոլոր կողմերը հարցին մօտենան դրական, հաւասարութեան ոգիով եւ բոլորի իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքի մղումով։ Ըստ Պետրոս Շիրինօղլուի, Հերման Պալեան այս հարցերուն տեսակէտէ փորձառու վարչային մըն է եւ յառաջիկայ օրերուն հիւանդանոցի հանդիպակաց ընդարձակ տարածքի առկայ խնդիրներու յաղթահարման նպատակով աշխատանքները վերստին թափ պիտի ստանան։

«Մեր հիմնական ապաւէնն է պարոն նախագահին դրական մօտեցումը։ Մենք վստահ ենք, որ ի շարունակութիւն այդ մօտեցման պիտի լուծուի մեր այս հարցը, որ երկար տարիներէ ի վեր կը զբաղեցնէ համայնքին օրակարգը։ Երախտապարտ ենք պարոն նախագահին», մեզի յայտնեց Պետրոս Շիրինօղլու։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2019