ԴՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։ Այս վերջինը իրերայաջորդ ձեւով Յունաստան եւ Յունական Կիպրոս այցելած էր վերջին օրերուն։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան զրոյցի ընթացքին նշեց, որ արեւելեան Եւրոպայի գլխաւորութեամբ՝ տարածքաշրջանային բոլոր նիւթերու շուրջ Թուրքիա ԵՄ-էն կ՚ակնկալէ գրգռութիւններէ հեռու, առարկայական ու հաւասարակշռուած դիրքորոշում մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն։

Նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա բաց է այնպիսի լուծումի մը, որ անկեղծ երկխօսութեան եւ արդարութեան հիման վրայ կառուցուած պիտի ըլլայ եւ որով բոլոր կողմերուն իրաւունքները պիտի պաշտպանուին։ Ան շեշտեց, որ Անգարա միշտ ու ամէնուրեք վճռակամօրէն պիտի շարունակէ պաշտպանել իր բոլոր իրաւունքներն ու շահերը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2020