ՀՐԴԵՀՆԵՐՈՒ ԾՈՒԽԸ ԵՒՐՈՊԱ ԿԸ ՀԱՍՆԻ

Միացեալ Նահանգներու մէջ անտառային հրդեհներու ծուխը հասած է Հիւսիսային Եւրոպա։ Շաբաթավերջի հանգստեան օրերուն ծուխը բնական հրդեհներու, որոնք սկսած են Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափին, հասած է Հիւսիսային Եւրոպա։

Մթնոլորտի դիտարկումներու «Կոպեռնիկոս» եւրոպական ընկերութեան (CAMS) տուեալներով՝ այս շաբաթուայ ընթացքին ծուխը դարձեալ հատած է Ատլանտեան ովկիանոսը եւ մինչեւ յառաջիկայ հանգստեան օրերը կը հասնի Եւրոպա:

CAMS-ը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ այս տարուան հրդեհներու աշխուժութիւնը տասնապատիկ, նոյնիսկ հարիւրապատիկ կը գերազանցէ՝ 2003-2019 թուականներու նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշները։ Մինչ այդ, հրդեհներու հետեւանքով ածխաջրածինի արտանետումները Գալիֆորնիա եւ Օրեկոն նահանգներու մէջ 2020 թուականին առաւելագոյն մակարդակի հասած են, 2003 թուականին CAMS-ի դիտարկումներու սկսելէն ի վեր։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2020