ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) եւ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութիւնը (ՀԵԸ) շաբաթներէ ի վեր յամառ պայքար կը մղեն՝ լիբանանահայութեան ծառայութիւն մատուցելու եւ այժմու հրատապ կարիքները դիմագրաւելու համար։ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած ահաւոր պայթումը Լիբանանը կաթուածահարած է՝ ծանր հետեւանքներով։ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ընտանիքը այս իրավիճակին մէջ յանձնառու աշխատանք կը տանի՝ սատարելու համար լիբանանահայութեան։ Աւերուած շրջաններէ ներս բնակարաններու եւ ճամբաներու մաքրութիւնը այս ամբողջին մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուութեան գրասենեակին կողմէ այս կապակցութեամբ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։

4 օգոստոս 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստին չարաղէտ պայթումը աւերակոյտի վերածեց մայրաքաղաք Պէյրութի մէկ երրորդ տարածութիւնը: Պայթումը քանդեց բնակարաններ, հաստատութիւններ, թաղամասեր, խլեց շուրջ երկու հարիւր նահատակներ, հազարաւոր վիրաւորներ: Պէյրութի ծովեզերեայ շրջաններու բնակչութիւնը կրեց քանդումին եւ աւերումին ամենածանր հարուածները:

Լիբանան անցնող հոկտեմբերէն ի վեր տնտեսական, քաղաքական զանազան տագնապներ կը դիմագրաւէր: Նոր տարիէն ետք անոր կաթուածահար կացութեան վրայ եկաւ աւելնալու քորոնաժահրի համավարակին պարտադրած ակամայ ինքնամեկուսացումը: Այս որոշումը գրեթէ ամբողջութեամբ անշարժութեան մատնեց երկրին առօրեան:

Պէյրութի նաւահանագիստին պայթումը մարդկային, տնտեսական կորուստներու կողքին, բարոյական ծանր հարուած մը տուաւ լաւատեսութեամբ յատկանշուող լիբանանցիին: Նաւահանգիստին համեմատաբար կից շրջանները՝ Մար Միխայիլ, Սայֆի, Քարանթինա, Հաճըն, Խալիլ Պատուի, Ճըմէյզի, Էշրեֆիյէ, Պուրճ Համուտ, Մար Եուսէֆ ապրեցան եւ տակաւին կ՚ապրին ծանր պահեր:

Կեանքի այսպիսի յուսահատական մէկ պահուն, միջազգային եւ տեղական մարդասիրական կազմակերպութիւններու կողքին, իրենց երախտաշատ գործունէութեամբ յիշատակութեան եւ գնահատանքի արժանացան լիբանանեան երիտասարդական, բարեգործական կազմակերպութիւններ, որոնք անմիջապէս օգնութեան ձեռք մեկնելու լծուեցան աղէտահար բոլոր շրջաններու մէջ, մեղմացնելու հազարաւոր կարիքաւորներու, անպատսպառներու դժուարութիւնները:

Պայթումին առաջին իսկ օրէն, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ընտանիքը, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանի ցուցմունքներով մարդասիրական աշխատանքներու լծուեցան: Աշխատանքին յատկապէս իրենց գործունեայ մասնակցութիւնը բերին ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Կերի Նազարեան եւ Արթօ Գունտաքճեան, իսկ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, 4 օգոստոսի պայթումին հետեւանքով վիրաւորուած ըլլալով, հեռուէն հետեւեցաւ աշխատանքներու ընթացքին: Այս նպատակով անմիջական կարիքներու եւ շտապի գրասենեակներ հաստատ-ւեցան ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Նազարեան-Զապէլ Մովսէսեան» կեդրոնին մէջ, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի գրասենեակներու պաշտօնէութեան եւ կամաւորներու մասնակցութեամբ:

Այս լոյսին տակ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սկաուտական զոյգ շարժումները՝ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան, իրենց խմբապետական բոլոր կազմերով եւ սկաուտական բոլոր խումբերով, ՀԵԸ-ի երիտասարդական, համալսարանական, տիկնանց վարչութիւնները մինչեւ օրս պատնէշի վրայ գնահատելի աշխատանք կը կատարեն, հասնելու լիբանանցիներու եւ լիբանանահայութեան կարիքներուն:

Այս բոլորը աւելի պատկերաւոր եւ ստոյգ իմանալու նպատակով լուսարձակի տակ պիտի առնենք Պէյրութի պայթումէն մինչեւ օրս ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի միաւորներուն ծաւալած կամաւոր գործունէութեան հիմնական աշխատանքերը:

Պայթումին յաջորդ օրը, առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումներու ընդհանուր խմբապետներ Եղիկ Աւետիքեան, Կարէն Պասմաճեան, խմբապետութեան մնացեալ անդամներուն եւ խումբերուն ընկերակցութեամբ, խմբակներու բաժնուելով, այցելեցին աղէտեալ գօտիի թաղամասերը: Պարտականութիւնները սկիզբէն ճշդելով, իւրաքանչիւր խումբ կը ստանձնէր շէնք մը:

ՀԵԸ-ի խումբերը տարածուեցան Ճըմէյզիի, Սայֆիի, Մար Միխայիլի, Էշրեֆիյէի եւ Խալիլ Պատուիի շրջաններուն մէջ: Աշխատանքներուն մասնակցեցան նաեւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի ծնողաց ընկերային վարչութիւններէն անդամ-անդամուհիներ:

Անոնցմէ մաս մը լծուեցաւ ապակիի փշրանքներով ծածկուած ճամբաներուն մաքրութեամբ, մինչ այլ խումբեր բնակարաններ այցելելով օգնութեան ձեռք երկարեցին՝ մաքրելով բնակարաններու մէջ քանդուած դռները, պատուհանները, կերպընկալի շերտերով պատելով պատուհանները, թափելով անգործածելի դարձած առարկաները: Անոնք նաեւ մաքրեցին խանութներ:

Քանդուած բաժինները մաքրելու զուգահեռ, մեր տղաքն ու աղջիկները առաջնային օժանդակութիւն հայթայթեցին վիրաւորներուն, ոմանց՝ Կարմիր խաչի միջոցով առաջնորդելով հիւանդանոց: Անոնք նաեւ մաքրեցին եւ կարգաւորեցին ՀԲԸՄ-ի Խալիլ Պատաուի դարմանատան սենեակները:

Բնակիչներէն շատ-շատեր իրենց յուզումն ու նեղութիւնը զսպելով, երախտագիտութիւն յայտնեցին ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումը ներկայացնող անդամ-անդամուհիներուն, իրենց նուիրումին եւ բծախնդիր աշխատանքին համար:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2020