ՆՈՐ ԴՐՈՇՄԱԹՈՒՂԹ

«Հայփոստ» ընկերութիւնը թողարկած է նոր նամականիշ մը՝ նուիրուած Ասիոյ տարածքաշրջանին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան։ Հայաստանի «Հայփոստ» ընկերութիւնը սեպտեմբերի 17-ին շրջանառութեան մէ դրած է նոր նամականիշ մը՝ նուիրուած «Քրոն եւ մշակոյթ. Ասիայի տարածքաշրջանին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւն. Սինկափուրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի» նիւթով:

Դրոշմաթուղթի վրայ պատկերուած է Սինկափուրի մէջ գտնուող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին ճակատային մասը, ներկայացաուած են հայերէնով եւ անգլերէնով գրառումներ. «Սինկափուրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի» եւ «Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի»:

Սինկափուրի քրիստոնէական առաջին եկեղեցին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչն է, որ Սինկափուրի ամենահին շինութիւններէն մէկն է. կառուցուած է 1835 թուականին, օծուած է 1936 թուականին: Եկեղեցին նախագծած եւ կառուցած է իրլանտացի յայտնի ճարտարապետ Ճորճ Կոլմըն։ Այս եկեղեցին կը համարուի ճարտարապետի ամենանշանաւոր ստեղծագործութիւնը: Եկեղեցիին շուրջ կայ արեւադարձայն խնամուած պարտէզ մը՝ փոքր գերեզմանատունով, ուր ամփոփուած են 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն Սինակփուրի մէջ ապրած ծանօթ հայերու աճիւնները։

Երէկ թողարկուած այս դրոշմաթուղթը ձեւագծած է Դաւիթ Տովլաթեան։ Նամականիշը տպուած է Ֆրանսայի «Cartor» տպարանին մէջ՝ 40 հազար տպաքանակով։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2020