ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԱՊԱՏԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐ ՄԸ ՀՐԿԻԶՈՒԱԾ

Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ հրկիզուեցաւ հայկական եկեղեցիի մը յարակից կառոյցը։ Tert.am-ի հաղորդումներով, տեղւոյն Ս. Գրիգոր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգաբարձուներու խորհուրդը հաղորդեց, որ դէպքը տեղի ունեցած է երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն, շուրջ 04.00-ին։ Ամերիկահայ մամուլն ալ արձագանգ հանդիսացած է այս դէպքին։ Հրկիզուած կառոյցը կ՚ընդգրկէ «Վասպուրական» կոչուած սրահ մը, ինչպէս նաեւ շարք մը գրասենեակներ, որոնք կը պատկանին եկեղեցւոյ կամ այլ զանազան կազմակերպութիւններու։ Սան Ֆրանսիսքոյի հրշէջ գունդը թէեւ արագօրէն միջամտած է հրդեհին, սակայն եկեղեցապատկան համալիրէն ներս դժբախտաբար մեծ վնասներ յառաջացած են։

Հոգաբարձութեան անդամներն ու համայնքէն ղեկավարներ անմիջապէս փութացած են դէպքի վայր ու ձեռնարկած՝ վնասներու չափը գնահատելու աշխատանքին։ Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքէն ներկայացուցիչներ տեղեկացուցին, որ հրկիզուած են կիրակնօրեայ դպրոցի դասասենեակները, եկեղեցւոյ գրասենեակը եւ «Համազգային» կրթական միութեան գրադարանը, որ կը գտնուէր նոյն երդիքին տակ։

Անցեալ յուլիսին յարձակում մը տեղի ունեցած էր հայկական դպրոցի եւ յարակից կեդրոնին վրայ։ Շէնքի պատերուն վրայ յայտնուած էին հակահայկական եւ ատրպէյճանամէտ կրաֆիթիներ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2020