ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Երեւանի մէջ այս օրերուն համահայկական մեծ ժամադրութիւն մը տեղի կ՚ունենայ։ Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովը արդէն ընթացքի մէջ է։ Սա երկրորդ գագաթաժողովն է, որ կու գայ մէկտեղել աշխարհի շուրջ վաթսուն երկիրներէն աւելի քան հազար հայեր։ Երէկ երեկոյեան, համազգային այս հաւաքի պաշտօնական բացման առթիւ ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ Երեւանի «Դուին» պանդոկի ընդարձակ երաժշտասրահին մէջ, ուր կը տիրէր բարձր տրամադրութիւն։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս առթիւ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Արտայայտուեցան նաեւ Սփիւռքի յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Յակոբ Արշակեան եւ այլ դէմքեր։ Հաւաքոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր՝ մանաւանդ ներկաները առիթն ունեցան ունկնդրելու յայտնի մեներգչուհի Իվեթա Մուկուչեանը։ Նախագահ Խաչատուրեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ միասնական եւ ուժեղ սփիւռքը Հայաստանի ամենահզօր դաշնակիցն է։

Իր տեսակին մէջ երկրորդ այս հաւաքը կազմակերպուած է՝ մեկնակէտ ունենալով այն սկզբունքը, թէ ամէն ինչէ վեր կը դասուի Հայաստանի եւ հայութեան ընդհանուր շահը՝ ո՛չ միայն խօսքով, այլեւ գործով։ Գործնականութեան այս որոնումները կը ցոլանան համազգային այս հարթութեան վրայ նախատեսուած աշխատանքի օրակարգին։ Արդարեւ, Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովի եռօրեայ աշխատանքային ծրագրի տեւողութեան խոշորացոյցի տակ կու գայ պետականակեդրոն սփիւռքի դերը Հայաստանի ազգային անվտանգութեան համատեսքին մէջ՝ հաշուի առնելով նաեւ արտաքին ու ներքին գործօններով պայմանաւորուած միջավայրը։ Այս հաւաքը կը զուգադիպի՝ Հայաստանի տեսակէտէ ճակատագրական ժամանակաշրջանի մը։

Այս առաւօտ, Երեւանի «Մերիտիան» կեդրոնէն ներս սկսաւ գագաթաժողովի աշխատանքը, որու բացման փուլին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Բացի վարչապետէն, հիմնական բանախօսներու շարքին են Զարեհ Սինանեանը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանը։ Գագաթաժողովի աշխատանքային ծրագիրը կ՚ընդգրկէ վեց ասուլիսի ձեւաչափով քննարկում եւ տասնեօթ համաժամանակեայ նիստ։

Այս առաւօտեան բացման խօսքի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանին նախապէս որդեգրած անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը ապացուցանած է իր անարդիւնաւէտութիւնը։ Ուստի, ան համոզուած է, թէ այժմու փուլին Հայաստան պէտք է ամէն ինչ ընկալէ իր իսկ տեսանկիւնէն։ «Այս կարգի քննարկումները շատ կարեւոր են, եթէ մենք դիտարկենք մեր ընելիքը», նշեց վարչապետը։ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթին մէջ շեշտեց, որ Հայաստանի անվտանգութեան բուն երաշխիքը խաղաղութիւնն է։ «Անվտանգութեան միջավայր կը նշանակէ մեր երկրի միջավայրին մէջ ապրելու պայմաններ ունենալ», ըսաւ վարչապետը եւ աւելցուց, որ սփիւռքի ապրած երկիրներուն իւրաքանչիւրը ունի իր սեփական շահերը եւ կ՚առաջնորդուի անոնցմով։

Նիկոլ Փաշինեան մանրամասնեց նաեւ իր գլխաւորած կառավարութեան որդեգրած հայեցակարգը այն մասին, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինչո՛ւ համար գոյութիւն ունի։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը սեփական քաղաքացիներու բարեկեցութիւնը ապահովելու միջոց մըն է՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն, տարածքին մէջ», աւելցուց ան՝ մատնանշելով, որ սա կը բովանդակէ նաեւ անվտանգութիւնը։

Վարչապետը սփիւռքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներուն առջեւ խօսեցաւ նաեւ իր կառավարութեան որդեգրած իրական Հայաստանի հայեցակարգին ու տեսլականին մասին՝ բացատրելով, որ սա եւս անվտանգութեան երաշխիք մըն է։ Իր խօսքով՝ սա Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան յարատեւութեան նախապայմանը կը համարուի։

Վարչապետ Փաշինեան հաւաքոյթի ընթացքին ընդգծեց նաեւ, որ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան ապագային տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու ապագան։

Գագաթաժողովի առաջին օրուան աշխատանքային ծրագրի աւարտին, բոլոր մասնակիցները պիտի առաջնորդուին դէպի Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրը, ուր նախատեսուած է Հայաստանի Պետական սենֆոնիք նուագախումբի համերգը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2024