ՈՂՆԱՇԱՐԻ ԲՈՒԺՈՒՄ…

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծման ընդառաջ համայն աշխարհի հայութեան ուշադրութիւնը հետզհետէ կը կեդրոնանայ՝ ամսավերջին նախատեսուած սրբազան արարողութիւններուն վրայ։ Երէկ առաւօտ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին նախաձեռնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսը բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ ստեղծուած հետաքրքրութիւնը յագեցնելու տեսակէտէ։ Առաջին հերթին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները շրջայց մը կատարեցին վերանորոգեալ Մայր Տաճարին մէջ, ուր ունկնդրեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի մանրամասն բացատրութիւններուն։ Մինչ լրագրողները ականատես եղան նաեւ օծման արարողութեան ընդառաջ տարուած աշխատանքներուն, տաճարէն դուրս գալէն վերջ ալ ունկնդրեցին ճարտարապետ Ամիրան Բադիշեանի յայտարարութիւններուն։ Այս վերջինը Մայր Տաճարի ամրակայման նախագծի ճարտարապետը եղած է։ Հուսկ, բոլորը անցան մայրավանքի համալիրի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանը, ուր այս անգամ ունկնդրեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արքեպիսկոպոս Խաչատրեանի եւ արարողակարգի եւ արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պատասխատանու Տ. Նաթան Արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի յայտարարութիւններուն։ Ներկայ էր նաեւ տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Եսայի Քհնյ. Արթէնեան։ Տ. Արշակ Արքեպիսկոպոս Խաչատրեան ատենապետն է սրբազան արարողութիւնները համակարգող մարմնին։ Տ. Նաթան Արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանն ալ նոյն կարգադիր յանձնախումբի առանցքային դէմքերէն է։

Լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները զանազան ձեւաչափերու մէջ շուրջ երեք ժամ մանրամասն տեղեկութիւններ ստացան բարձրաստիճան եկեղեցականներէն, նաեւ անոնց կարծիքը շօշափեցին բազմաբնոյթ նիւթերու շուրջ։ Ըստ էութեան, ամսավերջին նախատեսուած սրբազան արարողութիւնները լի ու լի կ՚արդարացնեն հայաշխարհէն ներս ստեղծուած հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտը։

Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը 1620-ական թուականներէն ի վեր առաջին անգամ այս ծաւալի վերանորոգութեան մը ենթարկուած է՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կամքով եւ հետեւողական վերահսկողութեամբ։ Մայր Տաճարի գմբէթի խոտերու մաքրութեան աշխատանքներուն ժամանակ պատահաբար յայտնաբերուած է անոր մատնուած կացութիւնը եւ այդ կէտէն սկսեալ ձեռնարկուած է աշխատանքի։ Արդարեւ, մասնագէտները այդ փուլին ստուգած են, որ Մայր Տաճարը իսկապէս վթարային վիճակի մը մէջ կը գտնուէր։ Ընդհանրապէս շուրջ տասներկու տարուան աշխատանքի մը մասին է այս գործընթացը։ Առաջին վեց տարիներուն նախագծումներու եւ նախահաշուարկներու շրջան մը անցած է, իսկ յաջորդած վեց տարիներուն գործնական աշխատանքները կեանքի կոչուած են։ Ընթացքին որոշ յապաղումներն ալ անխուսափելի դարձած են՝ քանի այդ նոյն ժամանակաշրջանին համընկնած են համավարակը, 44-օրեայ պատերազմն ու Հայաստանի ներքին վերիվայրումները։ Ի վերջոյ, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը այսօր հիմքերէն մինչեւ գմբէթը ամբողջութեամբ վերանորոգուած եւ ամրակայւած վիճակի մը մէջ է։ Այլ խօսքով՝ համայն հայութեան սրբութիւն սրբոցը յաւերժութեան ճանապարհին ֆիզիքապէս երաշխաւորուած վիճակ մը ունի։ Այս ընթացքին Մայր Տաճարի գմբէթի խաչն ալ փոխարինուած է անխուսափելիօրէն։ Արդարեւ, Մայր Տաճարի գմբէթի՝ 17-րդ դարէն մնացած խաչը արդէն բաւական անապահով վիճակի մը մէջ կը գտնուէր եւ այդ մէկը այսօր ի պահ դրուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարաններուն մէջ։ Անոր ոճին ու չափերուն նմանութեամբ ուրիշ խաչ մը կը զետեղուի Մայր Տաճարի գմբէթին, որովհետեւ անկարելի էր նախկինով շարունակել։ Ճարտարապետ Ամիրան Բադիշեանի բնորոշմամբ՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ողնաշարը ներկայիս ամբողջութեամբ բուժուած է։

Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատասխանատուները առանձնապէս յիշեցուցին այն հանգամանքը, թէ Մայր Տաճարը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ է եւ այս վերանորոգութեան ու ամրակայման աշխատանքներուն ընթացքին բացարձակ նախանձախնդրութեամբ եւ առանց որեւէ շեղումի հաշուի առնուած են այն բոլոր չափանիշներն ու կանոնները, որոնք պարտադիր կը համարուին այսպիսի կառոյցի մը վերանորոգութեան պարագային։

Պատասխանատուները շեշտեցին, որ Մայր Տաճարի ամրակայման ու վերանորոգման նախագիծը կեանքի կոչուած է այն մտայնութիւնով, թէ համայն հայութեան սրբութիւն սրբոցը ամբողջ մը կը կազմէ իր անմիջական շրջափակին հետ։ Ուստի, բարեկարգման աշխատանքներ կատարուած են նաեւ մայրավանքի գրեթէ ամբողջ տարածքին, ուր մասնաւորապէս պարտէզներու յարդարման տեսակէտէ շատ փայլուն լուծումներ կեանքի կոչուած են ճարտարապետներուն կողմէ։

Երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ատենախօսները առանձնապէս ուրախութիւն յայտնեցին, որ Մայր Տաճարի վերանորոգութեան աշխատանքներուն ընթացքին որեւէ բանուոր դոյզն իսկ որեւէ ձեւով չէ վիրաւորուած։

Այս բոլորէն վերջ, բոլորը շեշտեցին, որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը անմիջականօրէն հետեւած է աշխատանքներու բոլոր փուլերուն, նաեւ իր աներեր կամքը ի յայտ բերած է այնպիսի փուլերուն, երբ ծրագրով նախատեսուած պարագաներէ դուրս անակնկալներ յառաջացած են եւ ամենայն լրջութեամբ պահու տակ նոր լուծումներ գտնելու գործն ալ առաջնորդուած է իր կողմէ։ Բոլոր ատենախօսները շեշտեցին, որ վերանորոգութեան ծրագրին ներգրաւուած էին բարձր որակով ու կարողութիւններով ամենատարբեր բնագաւառներու մասնագէտներ. օրինակ՝ ճարտարապետներ, ճարտարագէտներ, սիսմիք բնագաւառի մասնագէտներ, շինանիւթերու կամ քարերու մասնագէտներ եւ այլն։

Այս բոլորէն վերջ, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը արդէն նոր լոյսով մը կը ճախրի եւ արդէն պատրաստ է վերստին աշխարհացրիւ հայութեան առջեւ իր դռները բանալու համար։ Աշխարհի հայութիւնն ալ անհամբեր է Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի պաշտամունքի վերաբացման այս շրջանին։

 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2024