ԱՆԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆ

Ա­մե­րի­կեան «Քար­նե­կի» հիմ­նար­կի վեր­լու­ծա­բան­նե­րէն Թո­մաս Տը Վաալ հա­մո­զուած է, որ Ատր­պէյ­ճան մուտք կը գոր­ծէ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու եւ ան­կա­յու­նու­թեան շրջան մը։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, յի­շեալ հիմ­նար­կի կայ­քէ­ջին վրայ զե­տե­ղուած յօ­դուա­ծին մէջ վեր­լու­ծա­բա­նը ընդգ­ծած է, որ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին նաւ­թի գի­նե­րու բարձ­րա­ցու­մը խթա­նած էր Ատր­պէյ­ճա­նի տնտե­սու­թեան ա­ճը, ամ­րապն­դած էր պե­տա­կա­նու­թեան հիմ­քե­րը եւ թոյլ տուած էր, որ Ատր­պէյ­ճան վերս­տին հան­դէս գայ մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թա­կի վրայ։ Հի­մա այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը ա­ւար­տած է։ Ներ­կա­յիս Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւ­նը կանգ­նած է բա­ւա­կան լուրջ եր­կընտ­րան­քի մը առ­ջեւ. ինչ­պէ՞ս ա­զա­տա­կա­նաց­նել տնտե­սու­թիւ­նը ա­ռանց քա­ղա­քա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու։ Ար­դա­րեւ, ըստ ա­մե­րի­կա­ցի վեր­լու­ծա­բա­նին, ներ­կա­յիս Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ կը գոր­ծէ այն­պի­սի կա­ռա­վա­րա­կան հա­մա­կարգ մը, որ ըստ ե­րե­ւոյ­թին ա­մե­նա­մե­նա­տի­րա­կանն է 1991 թուա­կա­նէն ի վեր։

Պա­քուի առ­ջեւ ծա­ռա­ցած հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րէն մին էր 2000-ա­կան­նե­րու կէ­սե­րէն ի վեր կու­տա­կուած նաւ­թի գեր­շա­հոյ­թի ա­նար­դիւ­նա­ւէտ տնօ­րի­նու­մը։ Այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին երկ­րի ռազ­մա­կան պիւտ­ճէն հա­սաւ տա­րե­կան 4 մի­լիառ տո­լա­րի։ Այդ նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին շատ ա­ւե­լի քիչ մի­ջոց­ներ յատ­կա­ցուե­ցան այն բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նեն երկ­րէն ներս աղ­քա­տու­թեան դէմ պայ­քա­րի ուղ­ղու­թեամբ։ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ան­կում կ՚ապ­րին նաւ­թի ար­դիւ­նա­հան­ման ծա­ւալ­նե­րը։ Ե­թէ շա­րու­նա­կուի ներ­կայ ըն­թաց­քը, ա­պա Ատր­պէյ­ճա­նի քա­րիւ­ղի պա­շար­նե­րը կրնան սպա­ռիլ եր­կու տաս­նա­մեա­կի ըն­թաց­քին։ Թո­մաս Տը Վաալ մաս­նա­ւո­րա­պէս կը մատ­նան­շէ, որ 1994 թուա­կա­նէն ի վեր Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քէն ներս ո­րե­ւէ նոր նաւ­թա­հոր չէ յայտ­նա­բե­րուած։

Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, վեր­լու­ծա­բան Տը Վաա­լի կար­ծի­քով, Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար բա­ւա­կան դժուար պի­տի ըլ­լայ ցնցում­նե­րէն խու­սա­փի­լը։ «Ատր­պէյ­ճա­նի հա­սա­րա­կու­թիւ­նը շատ ա­ւե­լի ա­րա­գօ­րէն կը փո­խուի՝ Պա­քուի իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու ըն­կալ­ման բաղ­դատ­մամբ։ Իսկ սա կը նշա­նա­կէ, որ Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը վաղ, թէ ուշ դէմ յան­դի­ման պի­տի մնան քա­ղա­քա­կան նոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու», մատ­նան­շած է Տը Վաալ, ո­րու հա­մոզ­մամբ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի միակ փա­փաքն է իր ստեղ­ծած քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գի պաշտ­պա­նու­թիւնն ու ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան եր­կա­րաձ­գու­մը։ 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2016