ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Հայկական գրադարաններու միջազգային չորրորդ համաժողովը։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի յարկէն ներս տեղի կ՚ունենայ այս գիտական հաւաքոյթը, որ ձօնուած է հայերէն առաջին Աստուածաշունչի տպագրութեան 350-ամեայ յոբելեանին։ «Անցեալի պահպանութիւն՝ յանուն ապագայի» խորագրեալ համաժողովի կազմակերպիչներն են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանը։ Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան։ Համաժողովը բացուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեանի խօսքով։ Ան այս առթիւ մասնաւոր անդրադարձ կատարեց համաժողովի նախորդ գումարումներու արդիւնքին արձանագրուած ձեռքբերումներուն, համաժողովի աշխատաժողովի համակարգման եւ յառաջիկայ ծրագրերուն։
Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը ներկաներուն փոխանցեց իր ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքը։ Ան ուրախութիւն յայտնեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համախմբուած տեսնելով հայկական գրադարաններու եւ մշակոյթի պատասխանատուները եւ պաշտօնեաները։ Վեհափառ Հայրապետին համոզմամբ, Սուրբ Գիրքի տպագրութեան յոբելեանը մեր ժողովուրդի համար նշանակալի առիթ մըն է հերթական անգամ արժեւորելու համար իր գրաւոր ժառանգութիւնը եւ այն անխոնջ ջանքերն ու նուիրումը, զորս մեր երախտաւորներու կողմէ գործադրուած են հարուստ այդ ժառանգութեան ստեղծման համար։ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ տպագրութիւնը մարդկութեան մեծ ձեռքբերումներէն մին է։ Այդ մէկը հնարաւորութիւն տուած է, որպէսզի գիտելիքը, մարդկային մտքի նուաճումները արագօրէն տարածուին, լուսաւորութիւնը հասնի հասարակութեան բոլոր շերտերուն։ Տպագրութիւնը ձեւաւորեց այն նպաստաւոր պայմանները, որոնց հիման վրայ բարձրացաւ արդի քաղաքակրթութիւնը։ Այդ ընթացքին մէջ բոլորովին պատահական չէ, որ հայ ժողովուրդը աշխարհի վրայ առաջիններէն մէկը ձեռնամուխ եղաւ տպագրութեան գործին։ Սա բնական ուղի կը համարուէր ժողովուրդի մը համար, որ մինչեւ տպագրութեան դարը մէկ հազարամեակ մայրենի լեզուով ձեռագիր մատեաններ կը ստեղծէր՝ շատ յաճախ չունենալով խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն, նաեւ ապրելով զրկանքներու մէջ։
«Դուք, սիրելիներ, կը պահպանէք, կը վերականգնէք, կ՚ուսումնասիրէք եւ կը ներկայացնէք մեր գրաւոր ժառանգութիւնը, որուն մեր ժողովուրդը պահ տուած է իր հոգին ու միտքը, իր պատմութիւնը, իր աշխարհ ճանաչողութիւնը, գիտելիքն ու յոյզերը, իր բնաշխարհի բոյրն ու գոյները, որոնք պիտի փոխանցենք սերունդներուն։ Այսօր մենք կ՚ապրինք էլէքտրոնիկ գիրքի դարուն մէջ, ինչ որ նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ, որպէսզի գրապահոցներու ժառանգութիւնը հասու ըլլայ հասարակութեան։ Այս ուղղութեամբ մեծապէս կը գնահատենք վերջին տարիներու ձեր ջանքերը, էլէքտրոնիկ գրադարաններու ստեղծման ուղղութեամբ իրականացուած ծրագրերը։ Ինչպիսի ձեւի մը մէջ ալ ներկայացուի՝ գիրքը պիտի շարունակէ հոգեւոր սնունդ մատուցել մեր ժողովուրդին, հաստատուն պահել աստուածօրհնեալ ճանապարհներու մէջ եւ առաջնորդել իր բարօր ու լուսաւոր կեանքի կերտումը», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը, որ բարի ընթացք եւ յաջողութիւն մաղթեց համագումարի աշխատանքներուն։
Նախարար Արմէն Ամիրեանն ալ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց համաժողովի մասնակիցներուն։ Ան անդրադարձաւ Սփիւռքի հայկական մեծ հաւաքածոներու տէր կառոյցներուն թուայնացման սարքերով, ծրագրաթեքնիկ եւ մեթոտական լուծումներով աջակցելու անհրաժեշտութիւնը եւ այս ուղղութեամբ իր գլխաւորած նախարարութեան կողմէ ձեռնարկուած աշխատանքներուն։ Նախարարը կարեւորեց հայագիտական գրադարաններու միջեւ համագործակցութեան զարգացումը։
Համաժողովի բացման նիստին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Անթիլիասի մատենադարանապետ Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեան։
Ինչպէս հաղորդած էինք, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ ալ այս համաժողովին կը մասնակցի Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։