ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ՓՈՒԼԻ ՄԷՋ
«Արեւելք» կայքէջի վրայ կը կարդանք.-
Լիբանանի նախագահական պալատի շուրջի բոլոր ճանապարհները նախընթաց օր փակուած էին: Լիբանանեան բանակի նախկին ընդհանուր հրամանատար զօրավար Միշէլ Աունի առաջնորդած «Ազգային ազատ հոսանք»ի հազարաւոր համակիրներ եւ կուսակիցներ հաւաք մը կատարելով «վերանորոգեցին իրենց ուխտը» եւ յայտարարեցին, որ անձկութեամբ կը սպասեն նախագահի ընտրութեան նիստին: Յիշեցման կարգով նշենք, որ նախագահական ընտրութեան յառաջիկայ նիստին ընթացքին շատ հաւանական է, որ Աուն ընտրուի Լիբանանի 12-րդ նախագահը:
Նախընթաց օրուան հաւաքէն ետք լիբանանցի շարք մը ազդեցիկ քաղաքական գործիչներ հաւաստեցին, որ Լիբանանի սիւննի համայնքի գլխաւոր առաջնորդ եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պաշտօնապէս որդեգրէ Աունի թեկնածութիւնը: Իր կարգին նախագահական երկրորդ գլխաւոր թեկնածու եւ «Ալ Մարատա» կուսակցութեան ղեկավար երեսփոխան, Սլէյման Ֆրանժիէ յայտարարեց, թէ ինք վճռական է իր թեկնածութեան մէջ եւ պիտի շարունակէ ընտրապայքարը:
Տեղին է նշել, որ այսօրուան դրութեամբ Աունին պաշտօնապէս իրենց նեցուկը յայտարարած են «Լիբանանեան ուժեր» եւ «Հիզպուլլահ» կուսակցութիւնները, իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի բազմիցս յայտարարած է, որ ինք դէմ է Աունի թեկնածութեան եւ չի պատրաստուիր անոր օգտին քուէարկել:
Ամէն պարագայի բացայայտ է, որ երկրի նախագահական ընտրութեան օրակարգը մտած է խմորումներու կարեւոր եւ վերջնական փուլ մը, որու աւարտին երեսփոխանները իրենց քուէն տալով յայտնի պիտի դարձնեն Լիբանանի յաջորդ նախագահին անունը: