ՄԱՀԱՑՈՒ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Ի­րա­քի՝ նաւ­թի պա­շար­նե­րով հա­րուստ Մու­սուլ քա­ղա­քը «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մէն ա­զա­տագ­րե­լու հա­մար ձեռ­նար­կուած գոր­ծո­ղու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի թա­փով։ Զու­գա­հե­ռա­բար՝ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ ալ տե­ղի կ՚ու­նե­նան բուռն ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ։

Փեն­թա­կո­նի աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ Մու­սու­լի գոր­ծո­ղու­թեան ա­ռա­ջին օ­րուան ար­դիւն­քը նա­խա­տե­սուա­ծէն ա­ւե­լի լաւ է։ Թէեւ այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մար եր­կար ժամ­կէտ մը կը նա­խա­տե­սուի, սա­կայն ա­ռա­ջին օ­րուան ա­ւար­տին 12 գիւ­ղեր ա­զա­տագ­րուե­ցան եւ Ի­ՇԻՊ կրեց ծանր վնաս­ներ։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս հա­ղոր­դեց, որ սա ի­րաք­ցի­նե­րուն պա­տե­րազմն է եւ ղե­կը կը գտնուի ա­նոնց ձեռ­քը։ Իր կար­գին, Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Մե­սուտ Պար­զա­նի յայ­տա­րա­րեց, որ փեշ­մեր­կէ­նե­րը մա­հա­ցու հա­րուած­ներ կը հասց­նեն Ի­ՇԻՊ-ին։

Այս մթնո­լոր­տին մէջ կը շա­րու­նա­կուի նաեւ Ան­գա­րա-Պաղ­տատ լա­րուա­ծու­թիւ­նը։ Ի­րա­քի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ հեր­թա­կան ան­գամ տե­ղե­կա­ցուց, որ թուրք զի­նուոր­նե­րուն երկ­րէն մեկ­նի­լը կը պա­հան­ջէ։ Թէ՛ Փեն­թա­կոն եւ թէ Պար­զա­նի ե­րէկ կող­մե­րուն կոչ ուղ­ղե­ցին, որ­պէս­զի հա­մա­ձայ­նին։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան խորհր­դա­տու դես­պան Իւ­միտ Եալ­չընն ալ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Պաղ­տա­տի մէջ։

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ իր ա­մե­րի­կա­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Ճոն Քե­րիի հետ։ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ, Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար եւս տե­սակ­ցե­ցաւ իր ա­մե­րի­կա­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Ճո­զըֆ Տան­ֆոր­տի հետ։ Մու­սու­լի գոր­ծո­ղու­թիւ­նը միշտ օ­րա­կար­գի վրայ էր։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղանն ալ յայտ­նեց, որ Թուր­քիա պի­տի մաս­նա­կցի թէ՛ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ թէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն։

Մու­սու­լի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը զու­գոր­դուին մի­ջազ­գա­յին բուռն ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րով։ Հոկ­տեմ­բե­րի 25-ին Փա­րի­զի մէջ նա­խա­տե­սուած է մի­ջազ­գա­յին կա­րե­ւոր հա­մա­ժո­ղով մը նոյն հար­ցին շուրջ։ Իր կար­գին, Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Շթայն­մա­յէր ը­սաւ, որ Մու­սու­լի ա­զա­տագ­րու­մը բա­կում­նա­յին կրնայ ըլ­լալ Ի­ՇԻՊ-ի դէմ պայ­քա­րի շրջագ­ծո­վ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2016