ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՐՇԱՒ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս հիմնական թեկնածուներու նախընտրական աշխատանքները կը շարունակուին։ Այս ծիրէն ներս, երէկ երեկոյեան, տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ժողովուրդին հետ։ Խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուած էր սրահին մէջ, ուր համախմբուած էր հոծ բազմութիւն մը։ Նորին սրբազնութեան համակիրները, որոնք ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին զինքը, սրահէն ներս զօրակցութեան արշաւի մթնոլորտ մը ստեղծած էին։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ այս մթնոլորտին մէջ անմիջական զրոյց մը ունեցաւ անոնց հետ՝ փոխանցելով իր դրական պատգամները։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ զրոյցը վարեցին՝ Սայաթ Տելիճէ եւ Խաչիկ Ճանէլ։

Երեկոյթի տեւողութեան նորին սրբազնութիւնը հանդէս եկաւ համայնքային օրակարգի զանազան նիւթերուն վերաբերեալ խորհրդածութիւններով։ Նոր սերունդի վերաբերեալ նիւթերուն վրայ առաջնահերթօրէն կանգ առնելու առընթեր, նորին սրբազնութիւնը մատնանշեց համայնքային առաջնահերթ խնդիրներու վերաբերեալ իր մօտեցումները։ Համայնքային կեանքէ ներս վարչակազմակերպչական ընդհանուր թերութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն վերաբերեալ կարծիքներ արտայայտելու առընթեր, ան դիտել տուաւ որպէս տեղապահ պաշտօնավարած շրջանին պետութեան հետ մշակած յարաբերութիւնները։ Ըստ իրեն, տեղապահներով կամ փոխանորդներով ընթանալ անկարելի է։ Այսօր պետութիւնն ալ կ՚ակնկալէ, որ մեր համայնքը ունենայ պատրիարք մը։ Աւելի վերջ, անհրաժեշտ պիտի ըլլայ պետութիւնը համոզել, որպէսզի ընդհանրական լիազօրութիւններով կեդրոնական վարչութիւն մը ունենայ մեր համայնքը։ Սա հնարաւոր կրնայ դարձնել հասարակաց պիւտճէի մը ծրագրումը եւ առկայ բազում խնդիրներու լուծումը։ Այսօր մեր համայնքային վարիչները կը ջանան այլեւս հեռանալ իրենց պաշտօններէն՝ պիւտճէի բացերուն հետեւանքով, մինչդեռ համայնքի բոլոր հասոյթները կը պատկանին ընդհանուրին։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան խօսեցաւ նաեւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մանրամասնութիւններուն վերաբերեալ։ Ան բացատրեց, որ մեր համայնքը 12 տարիէ ի վեր կը սպասէր պետութեան կողմէ պատրիարքական ընտրութեան համար կանոնադրութեան մը ուղարկուելուն։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան թէեւ հարիւր տոկոս չարդարացուց՝ քննադատութիւններու դուռ բացած կանոնադրութիւնը, սակայն ըսաւ. «Մենք չենք կրնար սպասել արտասահմանի թեկնածուներուն համար»։ Ան ըսաւ, որ սա  եղած է ժողովուրդի ընտրութիւնը եւ յիշեցուց, որ Պատրիարքական Աթոռը չունի մշտական կանոնադրութիւն մը։ Նորին սրբազնութեան տրամաբանութիւնը այն էր, որ անկարելի է այլեւս երկարաձգել պատրիարքական ընտրութիւնը։

Հարցում-պատասխանի բաժնին մէջ ալ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ այն նիւթերուն շուրջ, որոնց կապակցութեամբ պարզեց իր մօտեցումները։ Նորին սրբազնութիւնը կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ համամիտ չէ մեր համայնքի այն շրջանակներուն հետ, որոնք կը պատրաստուին պատրիարքական ընտրութիւնը պոյքոթի ենթարկել։ Ան յոյս յայտնեց, թէ յառաջիկայ շրջանին երկխօսութեան միջոցաւ, համոզման ջանքերու շնորհիւ կը հարթուին նմանօրինակ խնդիրները։

Ասուլիսի աւարտին, արձակման փուլին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ ներկաներուն կողմէ, որոնց հետ միջոց մը եւս շարունակուեցան մտերմիկ զրոյցները։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2019