ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՊԱՇՏՕՆ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը երէկ ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի անդամ՝ 2020-2022 թուականներու ժամանակահատուածին համար։ Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նիստին ժամանակ երէկ տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքով Հայաստան ստանձնեց այս պաշտօնը։ Արեւելաեւրոպական երկիրներու տարածքաշրջանային խումբին նախատեսուած երկու տեղերուն համար թեկնածութիւն առաջադրած էին երեք երկիրներ՝ Հայաստան, Լեհաստան եւ Մոլտովա։ Գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքով Հայաստան ստացաւ 144 ձայն եւ անդամ ընտրուեցաւ առաջին փուլով։

Հայաստան առաջին անգամ կ՚անդամակցի ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդին։ Այս վերջինը ստեղծուած է 2006 թուականին եւ կը հանդիսանայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի օժանդակ միջկառավարական մարմին մը, որ բաղկացած է 47 երկիրներէ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2019