ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները աւարտեցին իրենց ուղեւորութիւնը՝ դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Միջնորդները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ այս տարածքաշրջանային այցելութեան աւարտին հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Անոնք այս առթիւ տեղեկացուցին, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով համաձայնած են մինչեւ տարեվերջ կրկին հանդիպելու ուղղութեամբ։ Այդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ եռանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։ Երեւանի, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի մէջ իրենց շփումները երէկուան դրութեամբ աւարտած են համանախագահները, որոնք շուտով պիտի մեկնին Վիեննա՝ հանդիպելու համար ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդին եւ Մինսքեան խմբակի երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ։

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ռուսաստան կոչ ուղղեց, որ հակամարտ կողմերը միշտ ցուցաբերեն շինիչ մօտեցում։ Մոսկուայի եւ միւս միջնորդներու խնդիրն է հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման եւ նպաստել կարգաւորման գործընթացի առաւելագոյնս արագացման։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նշեց, որ իրենք ականատես կ՚ըլլան մեծ քանակութեամբ քաղաքական յայտարարութիւններու, յուզականութեան զանազան աստիճանով, պատմական համատեսքի, արդի համատեսքի զանազան աստիճանի կապակցութեամբ։ «Մենք կ՚առաջնորդուինք բանակցային օրակարգով, որ ունինք սեղանին վրայ։ Ռուսաստան կ՚աշխատի հակամարտ կողմերու եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջեւ համաձայնեցուած փաստաթուղթերով», ըսաւ Մարիա Զախարովա։ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2019