120 ԺԱՄ ԴԱԴԱՐ
«Խաղաղութեան ակ» գործողութիւններու ազդու ընթացքը երէկուան դրութեամբ նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ Սուրիոյ տագնապին ընթացքը։ Թուրք զինեալ ուժերու կողմէ ձեռնարկուած այս գործողութիւնները կը հետապնդէին Եփրատի արեւելքը ահաբեկիչներէ մաքրագործելու նպատակը։ Բանակը արդէն բաւական յառաջխաղացում արձանագրած էր, որ Անգարա երէկ դիւանագիտական խտացեալ աշխատանքի մը թատերաբեմը հանդիսացած է։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Մայք Փենսի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը եկաւ Թուրքիա ու վարեց բազմակողմանի բանակցութիւններ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ Պեշթեփէի համալիրին մէջ 4 ժամ 20 վայրկեան տեսակցեցաւ ամերիկեան պատուիրակութեան հետ։
Այս բոլորէն վերջ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի 120 ժամ, այսինքն հինգ օր դադար մը տրուի գործողութիւններուն։ Ամերիկեան կողմը երաշխիք տուած է, որ այս ընթացքին պիտի ապահովէ ՓՔՔ-ԵՓԿ-ական ահաբեկիչներու անվտանգ գօտիէն դուրս գալը։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա առած է իր ուզածը՝ շնորհիւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի անդրդուելի ղեկավարութեամբ։ Ամերիկեան կողմը ընդունած է, որ Թուրքիոյ օրինական անվտանգութեան շահերու պաշտպանութեան տեսակէտէ անվտանգ գօտին որքան կարեւոր ու գործնական է։ Չավուշօղլու յայտնեց, որ սա հրադադար մը չէ, որովհետեւ հրադադարը կ՚ըլլայ երկու օրինական կողմերու միջեւ։ «Մենք միայն գործողութիւններուն դադար մը կու տանք՝ որպէսզի անվտանգ գօտիէն դուրս գան ահաբեկիչները, որոնք գործողութիւններու թիրախը կը հանդիսանան», ըսաւ Չավուշօղլու։
Երէկ Անգարայի մէջ գոյացած համաձայնութիւնը կը նախատեսէ ահաբեկիչներու հինգ օրուան ընթացքին անվտանգ գօտիէն դուրս գալը։ Այդ գօտիի մաքրագործման զուգահեռ գործողութիւնները վերջ պիտի գտնեն։ Բաց աստի, ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ պայքարը պիտի շարունակուի, Թուրքիա անվտանգ գօտիէն ներս պիտի երաշխաւորէ բնակելի շրջաններու անվտանգութիւնը։ Յառաջիկային անվտանգ գօտին պիտի վերահսկուի Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ։ Ամերիկեան կողմը որեւէ պատժամիջոց պիտի չգործադրէ Թուրքիոյ դէմ։
ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփն ալ արձագանգեց երէկ ձեռք բերուած համաձայնութեան։ Ան յայտնեց, որ Էրտողան իր բարեկամն է եւ սքանչելի ղեկավար մը։ «Էրտողան իր ժողովուրդին համար անվտանգութիւն կ՚ուզէ։ Շատ խելացի բան մը ըրած է։ Թուրքիան, քիւրտերն ու ԱՄՆ շատ ուրախ են», գրեց Թրամփ։
Միւս կողմէ, ամերիկեան բարձրաստիճան պատուիրակութեան այցելութեան զուգահեռ, երէկ Անգարայի մէջ շփումներ ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ հարցերով Ռուսաստանի յատուկ ներկայացուցիչը։ Ծանօթ է, որ նախագահ Էրտողան յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Սոչի, ուր պիտի տեսակցի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։