BREXIT-Ի ՀԱՄԱՐ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՀՈՒՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Եւրոպական Միութեան եւ Անգլիոյ միջեւ վերջին պահուն համաձայնութիւն մը գոյացաւ BREXIT-ի շուրջ։ 31 հոկտեմբերին Անգլիա պաշտօնապէս դուրս պիտի գայ Եւրոմիութեան կազմէն։ Մինչ այդ երկար ժամանակէ ի վեր առկայ էին տարաձայնութիւններ։
Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսըն եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէրի միջեւ երկար ու խտացեալ աշխատանքէ մը վերջ գոյացաւ համաձայնութիւն։ Ներկայ իրավիճակով յաղթահարուած եղաւ Իրլանտայի սահմանի վերաբերեալ հարցը։ Եունքէր յայտնեց, որ BREXIT-ի համար նոր յետաձգումի մը անհրաժեշտութիւնը պիտի չըլլայ։ «Իրլանտայի մէջ սահման չկայ, սակայն հասարակաց շուկան տակաւին պաշտպանութեան տակ է», ըսաւ Եունքէր եւ աւելցուց, որ նոր համաձայնութեան շնորհիւ յստակեցուած են BREXIT-ի յարաբերաբար պղտոր կողմերը։ Ըստ իրեն, սա տրամաբանական եւ արդար արդիւնք մըն է։
Մինչ, Պորիս Ճանսըն Անգլիոյ երեսփոխանական ժողովին կոչ ուղղեց այս փաստաթուղթի հաւանութեան արժանանալուն համար, Իրլանտայի վարչապետ Լէօ Վարատքարն ալ կանաչ լոյս վառած է այս համաձայնութեան համար։