ՈՉ ԵՒՍ Է ՎԱՆՕ ՍԻՐԱԴԵՂԵԱՆ

Շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքեց յայտնի մտաւորական, պետական-քաղաքական գործիչ Վանօ Սիրադեղեան, որ Հայաստանի ներկայ անկախութեան ձեռքբերման յառաջատար դէմքերէն մին եղած էր։ Վանօ Սիրադեղեանի մահուան մասին տեղեկացուցին իր որդին՝ Խաչատուր Սիրադեղեան եւ կինը՝ Ռուզան Տօնոյեան։

Գրող, պետական, քաղաքական գործիչ, հրապարակագիր Վանօ Սիրադեղեան 13 նոյեմբեր 1946 թուականին ծնած էր Հայաստանի Նոյեմբերեանի շրջանի Կոթի (Շաւարշաւան) գիւղին մէջ։ 1974 թուականին աւարտած էր Երեւանի Պետական համալսարանը՝ որպէս բանասէր, լրագրող, արձակագիր։ 1982 թուականին «Տրուժպա Նարոտով» ամսագրին կողմէ արժանացած էր մրցանակի մը։ 1966-69 թուականներուն ծառայած էր Խորհրդային բանակին համար։ Աշխատակցած էր շարք մը պարբերականներու։ Իր քաղաքական գործունէութեան ամբողջին մէջ անկիւնադարձ մը հանդիսացած էր «Ղարաբաղ» կոմիտէին անդամակցութիւնը։ 1988 թուականի դեկտեմբերէն մինչեւ 1989 թուականի մայիսը բանտարկուած էր կոմիտէի միւս անդամներուն հետ։ 1990-1991 թուականներուն աշխատած էր՝ որպէս Հայաստանի Անտառատնտեսութեան վարչութեան պետ։ 1991-1992 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ներքին քաղաքականութեան եւ ընկերային հարցերու գծով խորհրդականի պաշտօնը վարած էր։ 1992-1997 թուականներուն եղած էր Ներքին գործոց նախարար։ Վանօ Սիրադեղեանի ներքին գործոց նախարարի պաշտօն վարած ժամանակաշրջանը իսկապէս հետաքրքրական էր։ Արդարեւ, անկախութեան առաջին տարիներուն՝ մասնաւորապէս, անցումային փուլով պայմանաւորուած դժուարութիւններու հետեւանքով, մայրաքաղաք Երեւանը եւ ամբողջ երկիրը որոշ չափով անապահով, անվտանգութեան նուազագոյն չափանիշներէ հեռու դարձած էր։ Վանօ Սիրադեղեանի դրսեւորած քաղաքական կամքին շնորհիւ Հայաստանի ոստիկանութիւնը ամէն ինչ դարձուցած էր աւելի վերահսկելի, փողոցները դարձած էին անվտանգ եւ անդորր։ 1997-1998 թուականներուն Վանօ Սիրադեղեան եղած էր Երեւանի քաղաքապետ։ 1998 թուականի տարեմուտին, երբ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հրաժարած էր իր պաշտօնէն, Վանօ Սիրադեղեանի երկրի ղեկավարութենէն ներս զբաղեցուցած պաշտօններն ալ հասած էին իրենց աւարտին։ 1990-1992 թուականներուն Վանօ Սիրադեղեան եղած էր Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր, Հայոց համազգային շարժում (ՀՀՇ) խմբակցութեան անդամ։ 1997 թուականի ընտրութիւններուն դարձեալ ընտրուած էր երեսփոխան եւ մինչեւ 1999 թուականը զբաղեցուցած էր այդ պաշտօնը, խորհրդարանէն ներս մաս կազմելով «Հանրապետութիւն» խմբակցութեան։ 1999 թուականի մայիսի 30-ին, առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հրաժարականին յաջորդած միջավայրին մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն դարձեալ յաջողած էր ընտրուիլ ու մուտք գործած էր Ազգային ժողով։ Անդամակցած էր խորհրդարանի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովին։ Խմբակցութիւններու եւ պատգամաւորական խումբերու մէջ ընդգրկուած չէր։ Եղած էր ՀՀՇ-ի վարչութեան անդամ, նաեւ ընտրուած էր վարչութեան նախագահ։ Յամենայնդէպս, նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հրաժարականին յաջորդած իշխանափոխութիւնով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Վանօ Սիրադեղեան քաղաքական հետապնդումներու առարկայ դարձած էր՝ որպէս նախորդ իշխանութեան յառաջատար դէմքերէն մին։ Իշխանափոխութենէն վերջ Վանօ Սիրադեղեան, դժբախտաբար, որոշ չափով թիրախ կամ քաւութեան նոխազ դարձած էր եւ այդ պայմաններուն ներքեւ աւելի քան 20 տարիէ ի վեր միջազգային հետախուզման մէջ կը գտնուէր։ Ան հեռացած էր Հայաստանէն, ատեն-ատեն երկրի ընդդիմադիր լրատուամիջոցներուն մէջ կ՚երեւէին իր տեսակէտները։ Այդ ընդդիմադիր լրատուամիջոցներու շարքին կը գտնուէին այժմու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթը, որ մասնաւորապէս 2008 թուականի նախագահական ընտրութիւններէն առաջ մեծ հարցազրոյցի մը տեղ տուած էր Վանօ Սիրադեղեանի հետ։ Որպէս մեղադրեալ Վանօ Սիրադեղեան ներգրաւուած էր տակաւին 1999 թուականի փետրուարի 19-ին յարուցուած քրէական գործի մը մէջ։ Նոյն օրը իրեն դէմ յայտարարուած էր հետախուզում։ Հակառակ անոր, որ ինք դատավարութիւններուն կը ներկայանար, իրեն դէմ 3 մայիս 1999 թուականին ձերբակալման որոշում առնուած էր։ 2000 թուականին Վանօ Սիրադեղեան հեռացած էր Հայաստանէն եւ ընդհանրապէս հանրային կարծիքը տեղեակ չէր իր գտնուած վայրին մասին։ Այդ շրջանէն ի վեր միջազգային հետախուզման մէջ կը գտնուէր։ Երկրէն հեռու մնացած շրջանին Վանօ Սիրադեղեան հեղինակած էր նաեւ Հայաստանի մատնուած կացութեան վերաբերեալ գիրք մը, որ կը կոչուէր «Կեատաներու ժամանակը» եւ ստեղծած էր լայն արձագանգ։

Իր մահուան վերաբերեալ հաղորդումներուն մէջ որեւէ մանրամասնութիւն չէ նշուած Վանօ Սիրադեղեանի յուղարկաւորութեան թուականին կամ վայրին վերաբերեալ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2021