ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԸ ԱՄՆ-Ի՞ՆՆ Է

Վերջին օրերու զարգացումները կը փաստեն կարեւոր բան մը։ Կը փաստեն, որ Լիբանանի նախագահ զօրավար Միշել Աուն, որուն նախագահութեան օրերը «տէ ֆաքթօ» հաշուըւած են, պիտի լքէ Պաապտայի նախագահական պալատը, որպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կամքը կատարած եւ ամերիկեան գաղտնաբառին այո ըսած նախագահ։ Ու չի բացառուիր նաեւ, որ Աուն իր յետագայ քաղաքական օրերը ապրի որպէս Ամերիկայի կողմէ փայփայուած գործիչ։

Աունի մեծ երազն է իր փեսան՝ քաղաքական գործիչ Ժըպրան Պասիլը հասցնել Պաապտայի պալատ։ Մինչ այդ պէտք է նշել, որ թէեւ Ժըպրան ունի քաղաքական մեծ հմտութւններ, բայց եւ այնպէս ունի նաեւ զինք ատողներու մեծ բանակ մը։ Անշուշտ չի բացառուիր, որ Իսրայէլի հետ ծովային սահմանագծման խնդրով Աուն ամերիկեան ծրագրին իր համամտութիւնը տուած է՝ յոյս ունենալով, որ իր այս քայլը ինչ-որ կերպով կը հարթէ Պասիլի դէպի նախագահական պալատ հասնելու, այս պահուն փակուած համարուող ճանապարհը։

Կայ նաեւ այլ կարեւոր վարկած մը, որ իւրաքանչիւր նախագահ նախքան իր հեռանալը կ՚ուզէ անպայման դրական այնպիսի հետք մը թողնել, որ լիբանանցիները զինք բարիով ու լաւով յիշեն։

Բարդ էր նախագահ Աունի պաշտօնավարման ժամանակաշրջանը եւ ինք յայտնի է, որպէս կուռ եւ իր տեսակէտներէն անշեղ մնալու «ղայիմ»ութիւն ունեցող զինուորական գործիչ մը, այնքան թեւաթափ եղաւ, որ առիթով մը լրագրողի մը «Պարոն նախագահ դէպի ո՞ւր կ՚երթանք եւ դէպի ո՞ւր կ՚երթայ մեր երկիրը» հարցին պատասխանեց. «Դէպի դժոխք»։ Աուն, որ մինչ այդ բազում առիթներով չէր կրցած նուազագոյն պատասխաններ տալ նոյնիսկ շատ աւելի պարզ ու հեշտ հարցումներու, քաջօրէն խօսեցաւ Լիբանանի իրականութեան մասին ու վիճակը ներկայացնելու միտքով մըն ալ ըսաւ, որ լիբանանցիք կա՛մ կ՚ուղղուին կամ ալ արդէն այդ դժոխքին մէջն են։

Չարակամութիւն չկար Աունի խօսքերուն մէջ, գուցէ կար մեծ ափսոսանք, որ ինք նախքան երկրի տնտեսական ոլորտին մէջ բացուած մեծ վիհին, չյաջողեցաւ հասնիլ քանի մը հիմնական խնդիրներու լուծման։ Գուցէ գիտէր, որ իրօք իր առջեւ ցցուած են մի քանի շատ մեծ տարողութեամբ հիմնախնդիրներ, որոնց լուծման ապահովումը միայն իր ձեռքով պիտի չըլլար։ Ու այդ մեծ հիասթափութիւնը ապրելէ ետք, առնուազն փորձելով մնալ «ջուրի երես»ին, Աուն միշտ խօսեցաւ բոլոր լիբանանցիներուն ուժ եւ կորով հաղորդողի դիրքերէն...։

Խօսքը մնաց խօսք, իսկ երկրի խնդիրները աւելիով խորացան, ապրուստ ապահովելը դարձաւ անհնարին ու հազարաւոր լիբանանցիներ այսօր կը փորձեն ոտքի մնալ եւ անտեսել «վաղը ի՞նչ պիտի ըլլայ» ճակատագրական-համայնական հարցադրումը։

Ձախողեցա՞ւ Աուն. գուցէ ձախողեցաւ, սակայն խնդիրը իր անհատական ձախողանքը չէր միայն, այլ կար ընդհանրական ձախողութիւն մը, որուն ընդհանուր խորագրին տակ պահուըտած կը մնար «Լիբանանի պետութեան ձախողումը»։

Վերադառնալով Լիբանան-Իսրայէլ «ծովային սահմանագծման համաձայնութեան» խնդրին, որ հաստատուեցաւ Իսրայէլի Քընեսեթին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներու աւարտին։ Քանի Պէյրութ դրական պատասխանը արդէն տուաւ ամերիկացի բանագնաց Հոքսթինի առաջարկի վերջին տարբերակին, ապա այստեղ եւս կան ուշագրաւ կէտէր, որոնց հետ պարտաւոր ենք հաշուի նստիլ։ Նախ այն, որ այս համաձայնութիւնը բառացիօրէն յաղթանակ մըն է ամերիկացիներուն համար, որոնք Միջերկրականի կազի պաշարներէն օգտուելու եւ զանոնք դէպի Եւրոպա ուղղորդելու խնդիր դրած են իրենց առջեւ։ Մինչ այդ, Արաբական ծոցի երկիրներու՝ յատկապէս Ռիատի վարմունքէն անակնկալի եկած են ու պիտի փորձեն այս նոր ընտրանքով որոշ հաւասակշռութիւն մը մէջտեղ բերել։

Ուաշինկթըն ու մասնաւորապէս նախագահ Պայտըն այս յաջողութիւնը պիտի փորձէ վերածել ընտրական նոր դրօշակ մը, զայն օգտագործելու յառաջիկայ ընտրութիւններուն, նաեւ աշխարհին ըսելու, որ իրենք քանդելու եւ պատերազմներու հրդեհներուն վրայ յաւելեալ ձէթ թափելու կողքին ունակ են խաղաղասիրական ծրագիրներ յաջողցնել։

Ամերիկայի զուգահեռ ուշագրաւ է կեցուածքը՝ այս համաձայնութեան իրական տէր համարուող երկու կողմերու Իսրայէլի եւ «Հիզպուլլահ»ի, որոնք մինչեւ այս պահը զինուած-պատրաստուած կը խօսէին զիրար հարուածելու եւ ջախջախելու հոգեբանութեամբ ու բառապաշարով։ Իսկ այսօր ո՛չ միայն դրական կը համարեն ամերիկեան նախաձեռնութիւնը, այլ պատրաստ են իրենց ներքին լսարանին հետ լուրջ խնդիրներ ունենալու գնով ողջունել այս համաձայնութիւնը։

Այստեղ ուշադրութեան արժանի է յատկապէս «Հիզպուլլահ»ի եւ անոր առաջնորդ Հասան Նասրալլայի մօտեցումը եւ ցուցաբերած «փրակմաթիզմ»ը, որ կը յատկանշէ այդ քաղաքական կողմին ու «դպրոց»ին իրական ներուժն ու քաղաքական կշիռը։

Կարեւոր հարցումը, որ կը հնչէ այսօր, իրօք, ո՞վ պիտի շահի այս համաձայնութենէն եւ ո՞ր կողմը յաւելեալ միաւորներ պիտի կուտակէ իր հաշւոյն։

Կը մնայ անպայման նշել, որ մինչ Իսրայէլ շատ արագ կերպով պատրաստ է յառաջ տանիլ հորատման աշխատանքներ Քարիշ կազային հանքէն, իսկ Լիբանանին առջեւ դեռ կայ որոշ ժամանակ մը, մինչեւ որ իրականութիւն դառնան կազահանման աշխատանքները։ Լիբանանի աշխատանքներուն մասին որոշ մասնագէտներ կը խօսին առնուազն երկու տարուան ժամկէտի մը մասին։

Այս փուլէն ետք, նաեւ շրջանցելով Իսրայէլի արտահերթ ընտրութեան օրակարգը յառաջիկայ նոյեմբերին, յստակ է, որ Լիբանանի պարագային այսօր առաջնային կը մնայ նոր նախագահի ընտրութեան խնդիրը։ Կայ տեսակէտ, որ ամերիկեան կողմի այս յաջողութենէն ետք, Ուաշինկթըն մեծ ճիգեր պիտի գործադրէ, որպէսզի այդ օրակարգն ալ բաւարարուի։

Հաւանական է, այդ հանգուցալուծումը եւ արդեօք Լիբանանի ներքաղաքական շրջանակներ պիտի մարսեն ԱՄՆ-էն գալիք նոր գաղտնաբառը։ Սպասենք։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2022