ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՄԵԿՆԱՐԿ

Հա­յաս­տան-Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ Ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու խոր­հուր­դի անդ­րա­նիկ նիս­տը ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ըն­դու­նե­լու­թիւն­նե­րու տան եր­դի­քին տակ այս առ­թիւ հա­մախմ­բուե­ցան եր­կու եր­կիր­նե­րու բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնք քննար­կե­ցին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը զար­գաց­նե­լու հե­ռան­կար­նե­րը։ Անդ­րա­նիկ նիս­տին ըն­թաց­քին ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Կա­րէն Ճշմա­րի­տեան։ Ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ Ե­րե­ւա­նի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պան Ռի­չըրտ Միլս, որ ընդգ­ծեց, թէ ի թիւս այլ հար­ցե­րու՝ խոր­հուր­դի աշ­խա­տանք­նե­րուն շրջագ­ծով օ­րա­կար­գի վրայ կու գայ կրկնա­կի հար­կու­մէ խու­սա­փե­լու վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նագ­րին նա­խա­գի­ծը։ Ա­մե­րի­կեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը խնդրած է ո­րոշ պար­զա­բա­նում­ներ ներ­կա­յաց­նել այդ հա­մա­ձայ­նագ­րի կնքման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին։ Ռի­չըրտ Միլս ա­ւել­ցուց.

«Պե­տու­թիւ­նը պէտք է հա­ւա­սար պայ­ման­ներ ստեղ­ծէ ո­րե­ւէ երկ­րէ Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծա­րա­րու­թիւն ը­նել փա­փա­քող մար­դոց հա­մար, ե­թէ կ՚ու­զէ գրա­ւիչ ըլ­լալ ներդ­նող­նե­րուն հա­մար։ Ոչ ոք կրնայ գոր­ծա­րա­րու­թիւ­նը ուղ­ղոր­դել, թէ ո՛ւր պէտք է կա­տա­րէ ներդ­րում­ներ։ Միակ բա­նը, որ պե­տա­կան ան­ձեր կրնան ը­նել՝ հա­ւա­նա­կան ներդ­նող­նե­րու հա­մար գրա­ւիչ պայ­ման­ներ ա­պա­հո­վելն է, ըլ­լան ա­նոնք ԱՄՆ-էն, Ֆրան­սա­յէն, Ռու­սաս­տա­նէն կամ այլ ո­րե­ւէ երկ­րէ մը»։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2015