ՀԱՄԱՏԵՂ ՊԱՅՔԱՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի երէկ հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով, ըստ որոնց Սուրիոյ ճգնաժամը յառաջիկայ շրջանին կրնայ նոր հանգրուան մը թեւակոխել։ Այսպէս, Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ որոշած են միասնաբար շարժման անցնիլ՝ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները մաքրագործելու նպատակով։ Անգարա եւ Ուաշինկթըն որոշած են համատեղ պայքար մղել «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ։ Կողմերը կը նախատեսեն միասնական գործողութիւններով Թուրքիա-Սուրիա սահմանի երկայնքին մաքրագործել 98 քիլօմեթր երկարութեամբ հատուած մը։ Ըստ Ճոն Քերիի, ներկայիս այդ սահմանի 78 տոկոսը ներկայիս արդէն փակուած է, իսկ իրենք այս փուլին շարժման կ՚անցնին մնացեալ 98 քիլօմեթրնոց հատուածն ալ փակելու առաջադրութեամբ։
Ամերիկացի պետական քարտուղարը Փարիզի մէջ ընդգծեց, թէ որոշուած է Սուրիոյ մէջ տեղակայել ԱՄՆ-ի յատուկ զօրամիաւորումները, ինչ որ կը սաստկացնէ ճնշումը ԻՇԻՊ-ի վրայ։ Ահաբեկչական խմբաւորումը մինչեւ մօտաւոր անցեալը կը վերահսկէր Թուրքիոյ հետ 870 քիլօմեթր երկայնքով սահմանին աւելի քան կէսը։ Իսկ այսօր անոր ձեռքը մնացած է միայն 15 տոկոսը։ Ճոն Քերի միեւնոյն ժամանակ տեղեկացուց, որ Սուրիոյ մէջ Պեշար Էսատի ղեկավարութեան եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ յառաջիկայ շաբաթներուն կրնայ հաստատուիլ հրադադար մը։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, թուրք-ամերիկեան համատեղ գործողութիւններուն հիմնական առանցքը պիտի ըլլայ Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը։ Հաւանական է, որ գործողութիւնները սկսին շուտով։ Այս տարբերակը երկար ժամանակէ ի վեր կը պաշտպանուէր Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ։ Հետեւաբար, թրքական կողմի ծրագրերը արդէն պատրաստ են, ինչ որ նախընթաց օր ըսած էր նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու։ Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ճոն Պեսն ալ երէկ յայտնեց, որ համատեղ գործողութիւններուն նպատակը պիտի ըլլայ կանխել քարիւղի մաքսանենգութիւնը եւ մարդոց ապօրինի շրջագայութիւնը։
Ճոն Քերի երէկ ընդգծեց նաեւ, թէ Սուրիայէ ներս անցումային գործընթացն ալ պիտի սկսի յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին։ Ծանօթ է, որ անցեալ շաբաթավերջին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած միջազգային բանակցութիւններու արդիւնքով հասունցած էր ծրագիր մը։ Զուգահեռաբար՝ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ յայտարարեց, թէ Թուրքիա պիտի շարունակէ վճռակամօրէն պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ՝ մինչեւ որ ան վերանայ ամբողջութեամբ։ Վիեննայի բանակցութիւններուն յաջորդած միջավայրին մէջ երէկ Քերին ալ ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութիւնը տեղի կրնայ ունենալ քանի մը շաբթուան ընթացքին։ Իր կարգին Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց, թէ պէտք է կանխուին ԻՇԻՊ-ի բարբարոսական մտայղացումները։ Միեւնոյն ժամանակ ռուս նախարարը պնդեց, որ ԱՄՆ-ի կողմէ գլխաւորուած միջազգային համախոհութիւնը խնայելով կը հարուածեն ԻՇԻՊ-ի դիրքերը։
Ներկայ հանգրուանին, ըստ երեւոյթին միջազգային գետնի վրայ կը հասուննայ ԻՇԻՊ-ի դէմ առաւել ազդեցիկ պայքար մը ծաւալելու մթնոլորտը, բայց եւ այնպէս Սուրիոյ ապագայի վերաբերեալ միջազգային յառաջատար դերակատարներու ընկալումներուն տարբերութիւնը տակաւին կը մնայ առկայ։ Այս առումով վառ օրինակ մըն էր Քրեմլինի բանբերին՝ Փեսքովի կողմէ երէկ կատարուած յայտարարութիւնը, ըստ որու ոչ ոք կրնայ Պեշար Էսատը պարտադրել՝ հեռանալ իշխանութենէն։