ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԿՈՂՄԷ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՈԼՈՐՏԻ 2015 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՄՐՑԱՆԱԿԸ
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ յանձնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2015 թուականի տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու բնագաւառի մրցանակը։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ձեռամբ այս տարուան մրցանակը յանձնուեցաւ աշխարհահռչակ մասնագէտի մը՝ Եւկենի Քասփերսքիին, որ հեղինակութիւն մը կը նկատուի սիպէր անվտանգութեան բնագաւառէն ներս։ Համացանցային անվտանգութեան այս մեծանուն մասնագէտին կողմէ տեղեկատուութեան փորձագիտութեան բնագաւառէն ներս բերուած համաշխարհային ներդրումը բարձր գնահատելով Սերժ Սարգսեան որոշած էր իրեն շնորհել այս տարուան մրցանակը։
Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Նախագահական ապարանքին մէջ, ուր Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան ճաշասեղան մըն ալ կազմակերպեցին ի պատիւ Եւկենի Քասփերսքիին։ Մրցանակը յանձնելու ժամանակ Սերժ Սարգսեան ունեցաւ ելոյթ մը, իսկ պարգեւատրեալը արտասանեց իր սրտի խօսքը։ «Մենք պէտք է փրկենք այս աշխարհը՝ ոչ միայն սիպէր աշխարհը, այլեւ՝ ամբողջ աշխարհը, որովհետեւ հիմա արդէն տարբերութիւն չկայ աւանդական ֆիզիքական աշխարհին եւ սիպէր տարածութեան միջեւ։ Անոնք միահիւսուած են եւ մենք պէտք է ստեղծենք աշխատանքի համակարգեր ու պայմաններ, որպէսզի սիպէր յարձակումները՝ խնդիրներ, որոնք մեզի պէտք չեն, ուղղակի չըլլան։ Ես հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընեմ, որպէսզի սա իրականանայ։ Եւ այս պարգեւը հերթական շատ լուրջ խթանն է այս աշխատանքին մէջ։ Շատ շնորհակալութիւն», ըսաւ Եւկենի Քասփերսքի, որ ընդհանուր տնօրէնն է համանուն տարրալուծարանին։
Իր կարգին, Սերժ Սարգսեանն ալ ընդգծեց, թէ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւնները Հայաստանի կեանքէն ներս զուտ տնտեսական գործօն մը չեն։ Այսօր այս փորձագիտութիւններուն միջոցաւ Հայաստան մուտք կը գործէ արդիականութիւնը։ Աւելի՛ն, տեղեկատուական փորձագիտութիւնները դարձած են Հայաստանի արդիականացման ամենակարեւոր միջոցներէն մին։ Ըստ Սերժ Սարգսեանի, համակարգը կը բնութագրուի ոչ թէ սխալով, այլ սխալին արձագանգելու իր կարողութեամբ։ «Այսօր մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ գլուխ կը բարձրացնեն յետադիմական ուժերը, որոնք կը փորձեն խեղդել ժամանակակից աշխարհն ու արդիականացման գաղափարախօսութիւնը։ Սակայն, վստահ եմ, թէ արդի աշխարհը այնքան ճկուն եւ խոհեմ պիտի ըլլայ, որ ի վերջոյ պիտի գտնէ նաեւ այդ չարիքէն պաշտպանուելու հակավիրիւսը։ Եւ սա պիտի ըլլայ արդիականութեան եւ արդիականացման յաղթական պատասխանը յետադիմութեան եւ տգիտութեան վիրիւսին», ըսաւ Սերժ Սարգսեան արարողութեան ընթացքին։