ՆՈՐ ԵՌԱՆԴ, ԹԱՐՄ ՅՈՅՍԵՐ
26-րդ գումարման Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը երէկ պաշտօնապէս աշխատանքի ձեռնարկեց՝ երեսփոխաններու երդման հանդիսաւոր արարողութիւնով։ Սա միեւնոյն ժամանակ բնորոշեց օրէնսդրական առաջին տարուան մեկնարկը։
Երէկ յետմիջօրէին, բովանդակ Թուրքիոյ ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Ազգային մեծ ժողովին վրայ, ուր Նոյեմբերի 1-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն վերջ նոր թափով ու թարմ յոյսերով սկսաւ աշխատանքի նոր շրջանը։
Երիցագոյն երեսփոխանի հանգամանքով խորհրդարանի բացման նիստին նախագահեց ՃՀՓ-ական Տենիզ Պայքալ, որու կողքին դիւանի անդամներու շարքին էին կրտսերագոյն պատգամաւորները։ Անդրանիկ նիստի բացման հանգրուանին խորհրդարանի պատուոյ օթեակին մօտ էր նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որուն կ՚ուղեկցէր երկրորդ ամենաերէց երեսփոխանը՝ ԱՔ կուսակցութենէն Իսմայիլ Քահրաման։ Անկախութեան քայլերգէն վերջ խորհրդարանի ժամանակաւոր ղեկավար Տենիզ Պայքալ ունեցաւ հակիրճ ելոյթ մը, որմէ վերջ կատարեց իր երդումը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Տենիզ Պայքալ ընդգծեց, թէ ի տարբերութիւն Յունիսի 7-էն վերջ ստեղծուած իրադրութենէն՝ այսօր հնարաւոր է մէկ կուսակցութիւնով կառավարութիւն մը կազմել, բայց այս հանգամանքով հանդերձ երկրէն ներս առկայ կը մնայ մեծ համաձայնութեան մը կարիքը։ Այս ելոյթէն վերջ սկսաւ երեսփոխաններուն երդումը, որ տեւեց շուրջ 10 ժամ եւ սփռուե-ցաւ ուղիղ եթերով։
Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ նոր կառավարութիւնը կազմելու պաշտօնը յանձնեց Վարչապետ ու ԱՔ կուսակցութեան ղեկավար Ահմէտ Տավուտօղլուին։ Հարկ է նշել, որ մինչեւ նոր նախարարաց խորհուրդին ձեւաւորուիլը՝ այժմու նախարարները պիտի շարունակեն մնալ պաշտօնի գլուխ, ըստ ըն-կալեալ սովորութեան։