ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԿՐՆԱՅ ԲԱՆԱՁԵՒ ՄԸ ԸՆԴՈՒՆԻԼ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ
Անգարա-Գահիրէ յարաբերութիւններու առկայ լարուած իրավիճակին մէջ Եգիպտոսի խորհրդարանը կը պատրաստուի իր օրակարգին վրայ ընդգրկել բանաձեւ մը, որով նախատեսուած է Թուրքիոյ դատապարտումը՝ 1915-ին հայոց դէմ իրագործուած կոտորածներուն բերումով։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Եւրոպայէն Գահիրէ մեկնած անդամներուն հետ զրուցելու ընթացքին Եգիպտոսի խորհրդարանի անդամներէն Մուսթաֆա Պեքրի անդրադարձաւ այս նիւթին։ Ըստ իրեն, խորհրդարանի անդամները կազմակերպած են ստորագրահաւաք մը եւ 337 երեսփոխան արդիւնքին հաւանութիւն տուած է վերոյիշեալ նախաձեռնութեան։ Ան միեւնոյն ժամանակ քննադատեց այս նիւթին վերաբերեալ արաբական պետութիւններուն դիրքորոշումը եւ ըսաւ. «Ցարդ միայն Լիբանանը ճանչցած է հայոց ցեղասպանութիւնը»։
Նոյն աղբիւրը կը տեղեկացնէ, որ վերոյիշեալ եւրոպական պատուիրակութիւնը Գահիրէի մէջ հանդիպումներ ունեցած է նաեւ եգիպտահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Եւրոպացի պատուիրակները տեղեակ պահուած են, որ հայերը Եգիպտոսէ ներս կ՚ապրին խաղաղութեան մէջ ու կ՚օգտուին բոլոր իրաւունքներէն։