Հայկական «PicsArt»ի Ծրագիրը՝ «iPhone»ի Ծրագիրներու Լաւագոյններէն
Թուային լուսանկարներու ձեւաւորման եւ բաժնեկցութեան աշխարհի յառաջատար ընկերային ցանցերէն մէկը հանդիսացող եւ Երեւան հաստատուած հայկական «PicsArt» ընկերութեան ծրագիրը (app) հեղինակաւոր CNET կայքին կողմէ ներառնուած է «iPhone» հեռաձայններու համար պատրաստուած լաւագոյն ծրագիրներու ցանկին՝ «Best iPhone Apps of 2016»ի մէջ, «Viber»ի, «Spotify»ի եւ «Fitbit»ի նման ծրագիրներու կողքին։
Աշխարհի տարածքին աւելի քան 300 միլիոն սարքերու մէջ ներառնուած եւ արդէն իսկ ամսական աւելի քան 80 միլիոն օգտագործող ունեցող այս ընկերութեան ծրագիրը, ներկայիս տրամադրելի է 20-է աւելի լեզուներով։ Անիկա կը գործէ նաեւ «Android» ծրագիրով աշխատող հեռաձայններու եւ սարքերու վրայ։
Մինչ այդ, «PicsArt»ը հրապարակած էր արուեստական հմտութեամբ աշխատող երկու ծրագիրներ՝ «Remix Me»ն եւ «Magic Video»ն, զորս կարելի է օգտագործել լուսանկարներու եւ տեսանիւթերու համար։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել picsart.com կայքը:
Միւս կողմէ, Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը Հայաստանը դասած է ազատ համացանց ունեցող երկիրներու շարքին: Այդ մասին ըսուած է կազմակերպութեան «Համացանցի ազատութիւնը-2016» զեկոյցին մէջ:
Հայաստանը հաւաքած է 30 միաւոր: Համացանցի հասանելիութեան խոչընդոտը գնահատուած է 25-էն 6 միաւոր, բովանդակութեան սահմանափակումները՝ 35-էն 10 միաւոր, օգտատէրերու իրաւունքներու խախտումները՝ 40-էն 14 միաւոր: Անցած տարի Հայաստանը հաւաքած էր 28 միաւոր:
Վրաստանը հաւաքած է 25 միաւոր՝ նոյնպէս ընդգրկուելով ազատ համացանց ունեցող երկիրներու շարքին, Ատրպէյճանը՝ 55 միաւոր՝ ընդգրկուելով մասամբ ազատ համացանց ունեցող երկիրներու ցանկին մէջ: Ռուսաստան ստացած է 65 միաւոր: Այս երկիրները ընդգրկուած են ոչ-ազատ համացանց ունեցող երկիրներու ցանկին մէջ:
Զեկոյցին համաձայն՝ Հայաստանի տարածքին համացանցի տարածումը 58 տոկոս է: Ոչ-ազատ գնահատուած է համացանցի մէջ մամուլի ազատութիւնը:
Ինչպէս կը նշուի զեկոյցին մէջ՝ ընթացիկ տարուան մէջ համացանցի ազատութիւնը հիմնականօրէն պահպանուած է՝ հակառակ Հայաստանի ընդհանուր կարգավիճակը որոշ չափով յետընթաց արձանագրած է՝ Երեւանի մէջ բողոքի ցոյցերու ժամանակ ուղիղ եթեր հեռարձակող լրագրողներուն վրայ ոստիկանութեան յարձակումներէն ետք:
Հետազօտութիւնը իրականացուած է 65 երկրի մէջ, անիկա կ՚ընդգրկէ 2015 թուականի Յունիսէն մինչեւ 2016 թուականի Մայիս ժամանակաշրջանը: Հետազօտութեան արդիւնքներուն համաձայն՝ համացանցի ազատութեան հետ կապուած ամենավատ վիճակը Չինաստանի, Սուրիոյ եւ Իրանի մէջ է:
Ոչ-ազատ համացանցով երկիրներու ցանկին մէջ յայտնուած եւս 17 երկիր, որոնց կարգին՝ Եգիպտոսը, Սպիտակ Ռուսիան, Ղազախիստանը, Սուտանը, Ռուսաստանը, Փաքիստանը եւ Վիեթնամը: Այդ երկիրներուն մէջ, կազմակերպութեան տուեալներով, հիմնականօրէն գրաքննութեան կ՚ենթարկուի տեղւոյն իշխանութիւններուն ուղղուած քննադատութիւնը, իսկ ընկերային ցանցերու մէջ հրապարակումներու կամ «լայքերու» (հաւանութիւններու) համար կրնայ սպառնալ ազատազրկում: Ընդհանուր առմամբ, ոչ-ազատ համացանցով երկիրներուն մէջ կ՚ապրի համացանցի օգտատէրերուն 67 տոկոսը: Անցեալ տարի այդ ցուցանիշը կազմած է 61 տոկոս:
Իրաւապաշտպաններու կարծիքով՝ աշխարհի 28 երկիրներու մէջ համացանցը մասամբ ազատ է, եւս 17-ի մէջ գրաքննութիւնը գրեթէ կը բացակայի:
Համացանցի ազատութեան յառաջատար հնգեակին մէջ յայտնուած են Էսթոնիան, Իզլանտիան, Գանատան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Գերմանիան: Այս ցանկին մէջ յայտնուած են նաեւ Վրաստանը եւ Հայաստանը: