ՕԿԻՒՆ ՍԱՄԱՍՏ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԱՆՑՆԻԼ ԲԱՑ ԿԱԼԱՆԱՎԱՅՐ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի վրայ կրակած Օկիւն Սամաստ վերջերս դիմում մը ներկայացուց Իսթանպուլի 14-րդ պատժական ատեանին, ուր կ՚ընթանայ այս գործին վերաբերեալ դատավարութիւնը։ Ներկայիս այդ ատեանին մօտ ընթացքի մէջ է հանրային պաշտօնեաներու զանցառութիւններուն նիւթը, որ այս գործի ընդհանուրին մէջ ունի առանցքային նշանակութիւն։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Օկիւն Սա-մաստ դատարանէն պահանջած է՝ որպէսզի տեղափոխուի բաց կալանավայր մը։ Իր աղերսագրին մէջ Սամաստ յայտնած է, որ եթէ իր պահանջին ընթացք չտրուի, ապա յառաջիկայ դատավարութիւններուն պիտի չմասնակցի ու պիտի մերժէ տալ ցուցմունքներ։
Օկիւն Սամաստ, որ ներկայիս կը գտնուի Սիլիվրիի բանտին մէջ՝ համոզուած է, թէ ունի բաց կալանավայր մը տեղափոխուելու իրաւունքը։ Ըստ Օկիւն Սամաստի, իր տուած ցուցմունքներուն բերումով՝ ՖԵԹԷՕ-ի անդամներուն վերաբերեալ ըսածներուն պատճառով կը դատուի անունը խնդրոյ առարկայ դարձած այլ մեղադրեալներու հետ նոյն թղթածրարին շրջագծով։ Հետեւաբար իր տեղափոխութիւնը չի կատարուիր՝ անվտանգութեան երաշխաւորման հիմնաւորումով։ Այս բոլորի հիման վրայ ան պահանջած է իր տեղափոխութիւնը՝ բաց կալանավայր։