«ՖԻԿԱՐՈՅԻ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ» ԿԱՏԱԿԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐ ՇՈՒՆՉ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ

Ֆրանսացի աշխարհահռչակ թատերագիր, 18-րդ դարու ֆրանսական իրապաշտական կատակերգութեան ներկայացուցիչ Փիէռ Օկիւստէն Քարոն տը Պոնմարշէի թատրերգութեան հիման վրայ բեմադրուած «Ֆիկարոյի ամուսնութիւնը» ներկայացումը ժամանակակից, հետաքրքրական, անսպասելի լուծումներով կը ներկայացուի Երեւանի «Հրաչեայ Ղափլանեան» տրամաթիքական թատրոնին մէջ։

Բեմադրութեան առաջնախաղը տեղի ունեցաւ երէկ։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ի թղթակիցը զրուցած է ներկայացման բեմադրիչ Գրիգոր Խաչատրեանի, դերակատարներ Գագիկ Մկրտչեանի եւ Լիտիա Գրիգորեանի հետ։

«Այս թատրերգութիւնը մեծ գայթակղութիւն համարուած է, քանի որ ան դասակարգային խնդիրներ յառաջ կը քշէ։ Արգիլուած էր հակաաւատական ազատամտութեան համար։ Սակայն չեմ կարծեր, որ մեր օրերուն նման խնդիր կայ։ Զիս կը գրաւէ, որ «Ֆիկարոյի ամուսնութիւնը» կը պատկանի դասական կատակերգութեան, ունի դասական կառուցուածք։ Թատրերգութեան մէջ կայ ծաւալ, որ թատրոնի դերասանին, բեմադրիչին հնարաւորութիւն կու տայ երեւակայութեան, շարժման տեսանկիւնէն ճկուն, աշխոյժ ներկայացում բեմադրել եւ խաղալ», նշեց Խաչատրեան։

Բեմադրիչը փափաքած է բեմին վրայ կատարուող գործողութիւնները, զանազան իրավիճակները գեղեցիկ պարային շարժումներու միջոցով ներկայացնել։ Այդ նպատակով հրաւիրած է պարուսոյց Արիկ Ասատուրեանը, որու օգնութեամբ նոր, հետաքրքրական, լուծումներ գտած է։ «Իւրաքանչիւր ներկայացում ունի կէտ մը, տեղ մը, որու վրայ հնարաւոր է յենուլ։ Այս գործի այդ կէտը Ֆիկարոյի հարսանեկան շքերթի տեսարանն է։ Այդ հատուածին մէջ դեռ վաղ ժամանակներէն սկսեալ բեմադրիչները փափաքած են պալէ ներկայացնել, պարեր՝ հարսանիքի ժամանակ։ Մենք փորձած ենք ամբողջ ներկայացումը անոր վրայ կառուցել», ըսաւ բեմադրիչը։

Գրիգոր Խաչատրեանի խօսքով՝ «Ֆիկարոյի ամուսնութիւնը» հիւմորային, որոշ չափով ցինիկ պար է, վոտվիլ։ «Այն աւելի շատ զաւեշտալի, ֆարսային բեմադրութիւն է, քան կատակերգութիւն։ Եթէ ներկայացումը դիտելու գան մարդիկ, որոնք, մեկնելով  ինչ-ինչ նախապաշարումներէ, կարծրատիպերէ, կը ցանկան փնտռել եւ գտնել իրենց պատկերացուցած Ֆիկարոն զոր տեսած են քառասուն տարի առաջ, ապա չեն գտներ։ Մենք բեմադրած ենք այնպէս, ինչպէս տեսած ենք թատրերգութիւնը։ Բնականաբար ուրիշ մէկը այլ կերպ կը բեմադրէ», շեշտեց Գրիգոր Խաչատրեան։

Ֆիկարոն մարմնաւորած դերասան Գագիկ Մկրտչեան ըսաւ, որ Ֆիկարոն ինքն է առօրեայ կեանքին մէջ։ «Ի հարկէ, բժիշկ չեմ, դեղագործ կամ սափրիչ չեմ, բայց իմ մասնագիտութիւններն ալ քիչ չեն։ Ֆիկարոն ունի կողմեր, որոնց տէր եմ նաեւ ես։ Ան որոշ չափով նման է ինծի. ինծի համար թէ՛ հեշտ է եւ թէ դժուար այդ դերը խաղալ», խոստովանեցաւ դերասանը։

Ան ընդգեց, որ Ֆիկարոն իր խաղացած ամենամեծ եւ պատասխանատու դերն է։ Գագիկ Մկրտչեանը կը հանգստացնէ այն փաստը, որ այն, ինչ որ կարողացած է ընել, լիարժէք կը բաւարարէ բեմադրիչը։

«Մարդկանց մեծամասնութիւնը կ՚ուզեն տեսնել մատչելի գործեր, որոնք դիւրըմբռնելի են։ Իրականութեան մէջ թատրոն գալով պէտք է դիտել ներկայացում մը, որ յետոյ մտածելու, խորհելու պատճառ կը դառնայ։ Մեր բեմադրութեան մէջ դասական գործի հանդէպ նորարարական մօտեցում կայ։ Տիեզերական, տարօրինակ բաներ չկան, պարզապէս նորովի մտածեծ ենք, ինչ որ, կը կարծենք, անսպասելի է հանդիսատեսի համար», ըսաւ Մկրտչեան եւ յաւելեց, որ ստեղծագործական խումբը մեծ սիրով կ՚աշխատի։

Գլխաւոր հերոսուհիներէն՝ Ֆիկարոյի հարսնացու Սիւզանի կերպարը մարմնաւորած դերասանուհի Լիտիա Գրիգորեան նշեց, որ ինքզինք լաւ կը զգայ բեմին վրայ, եթէ լաւ ներկայացման մէջ ընդգրկուած է. կարեւոր չէ ըլլայ ան կատակերգութիւն, ողբերգութիւն, երաժեշտախառն ողբերգութիւն, դասական, թէ ժամանակակից ստեղծութիւն։

«Ամէն անգամ որակեալ ներկայացման մէջ հանդէս գալով՝ աւելի կը մասնագիտանաս քու գործին մէջ, աւելի կը բանաս հոգիդ ու կը ճանչնաս դուն քեզ՝ քու մէջ յայտնաբերելով տարբեր յատկութիւններ, որոնք նախապէս չես նկատած, բայց որոնք կան ու թաքնուած են։ Ինծի համար հետաքրքրական է բեմին վրայ յայտնուիլ տարբեր իրավիճակներու մէջ։ Թատրոնի բեմը ինծի համար կեանք է, որով կ՚ապրիմ։ Պէտք է գաղտնիք մը բացայայտեմ. երբեմն բեմին վրայ ինքզինքս աւելի լաւ կը զգամ, քան կեանքի մէջ», նշեց դերասանուհին։

Խօսելով «Ֆիկարոյի ամուսնութիւնը» ներկայացման մասին՝ դերասանուհին եշեշտեց, որ համացանցով դիտած է այս թատրերգութեան հիման վրայ տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր երկիրներու մէջ բեմադրուած ներկայացումներ։ Ան կը կարծէ, որ Գրիգոր Խաչատրեան բաւականին համարձակ բեմադրութիւն մը իրականացուցած է, եւ դասական ներկայացումներու երկրպագուները գուցէ դժուարութեամբ ընկալեն զայն։ «Մարդու ենթագիտակցութեան մէջ տեղաւորուած է, որ դասական թատրերգութիւններուն կարելի չէ դպչիլ։ Այն ինչ որ կայ, իրականութեան մէջ, անոնք շատ պարզ են եւ պարզութեան մէջ է նման ստեղծագործութիւններու հանճարեղութիւնը», շեշտեց Լիտիա Գրիգորեան։

Ան խօսեցաւ նաեւ իր կերպարի՝ Սիւզանի մասին։ Ըստ իրեն՝ Սիւզան առանձնապէս կենսագրութիւն չունի, դերասանի համար շահեկան տեսարաններ, այսինքն՝ կերպարը դերասանի հնարաւորութիւնները լիարժէք բացայայտելու եւ զանոնք ներկայացնելու հնարաւորութիւն չի տար։ «Սիւզանը նենգամիտ կերպար է՝ առանց որու խելահեղ օրը չէր կայանար։ Մենք ներկայացուցած ենք կենսուրախ, արեւային նապաստակի պէս թռվռուն աղջնակի, որ իր ետեւէն կը տանի բոլորը։ Ես ինքզինքս իրապէս բեմին վրայ այդպէս կը զգամ՝ թեթեւ, ուրախ», եզրափակեց Լիտիա Գրիգորեան։

Ներկայացման բեմայարդարն է Շամիր Շախիրեան, զգեստներու ձեւագծողը՝ Մերի Սարգսեան, պարուսոյցը՝ Արիկ Ասատուրեան։ Բեմադրութեան մէջ ընդգրկուած են նաեւ դերասաններ Արտաշէս Մխիթարեան, Նարինէ Պետրոսեան, Լուսինէ Յարութիւնեան, Նիքոլայ Աւետիսեան, Լիտա Լեւոնեան, Էմմա Մկրտչեան, Էրիք Սարգսեան, Կարէն Միրիճանեան, Արա Գէորգեան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 18, 2017