ԵՒՍ ՔՍԱՆԵՐԿՈՒ ՕԴԱՆԱՒ

Ռուսաստանի խաղաղապահները կը շարունակեն ամբողջ թափով տեղակայուիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս։ Երէկ, եւս 22 բեռնատար օդանաւ վայրէջք կատարեց Երեւան՝ փոխադրելով խաղաղապահ զօրքերու նոր խումբ մը եւ անհրաժեշտ սարքաւորումներ եւ ինքնաշարժներ։ Ռուս իրաւասուները կը տեղեկացնեն, որ հակամարտութեան գօտիէն ներս խաղաղապահները ամէն վայրկեան կը հետեւին հրադադարի ընթացքին։ Ըստ նոյն հաղորդումներուն, հրադադարի համաձայնութիւնը կը գործադրուի։ Ռուսաստան հրադադարի համաձայնութենէն ի վեր աւելի քան 170 թռիչք կազմակերպած է՝ հակամարտութեան գօտիէն ներս խաղաղապահներու տեղակայման համար։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Քննարկուեցան հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած իրավիճակը եւ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան վերաբերեալ ընթացիկ հարցեր։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած էր, որ խաղաղապահները արդէն ձեռնարկած են Լաչինի միջանցքի ականազերծման աշխատանքներուն։ Օր մը առաջ ալ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուստինի միջեւ։

Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի նախագահ Փեթէր Մաուրէր, որ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, տեղեկացուց՝ թէ հակամարտ կողմերը ցարդ արդէն փոխանակած են 200 դի։ Ըստ իրեն, Կարմիր խաչի գործունէութեան մէջ առաջնահերթութիւն կը տրուի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի տեղափոխութեան, դիակներու դուրսբերման համար օգնութեան տրամադրման, ինչպէս նաեւ գերիներու այցելութեան՝ փոխանակման նախապատրաստման նպատակով։ Փեթէր Մաուրէրի հետ տեսակցելէ վերջ Սերկէյ Լաւրով յոյս յայտնեց, թէ օգնութեան ծրագրերուն կը միանան մարդասիրական այլ կազմակերպութիւններ, առաջին հերթին ՄԱԿ-ի կառոյցները։ Ըստ Լաւրովի՝ Լեռնային Ղարաբաղէ  ներս սուր են նաեւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրները։ Այս ուղղութեամբ կրնայ դերակատարութիւն ունենալ ԻՒՆԷՍՔՕ-ն։

«ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Քուզնեցով երէկ յայտնեց, որ կազմակերպութեան օրակարգին վրայ է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յուշարձաններու վերականգնման մասնակցելու հարցը։

Միւս կողմէ, Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն թանգարանի ղեկավարութիւնը կոչ ուղղեց, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութիւնը պահպանուի։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2020