ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒ ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ յայտարարեց, որ խօսք չի կրնար ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի որեւէ կարգավիճակի մասին։ «Բազմիցս ըսած եմ, որ թոյլ չենք տար, թէ Ատրպէյճանի տարածքներէն ներս երկրորդ հայկական պետութիւն մը ստեղծուի։ Բազմիցս ըսած եմ, որ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը չի կրնար բանակցութիւններու առարկայ ըլլալ։ Ըսած եմ, որ Ատրպէյճան կը վերագտնէ իր տարածքային ամբողջականութիւնը։ Ըսած եմ, որ եթէ ոչ խաղաղ ճանապարհով, ապա ռազմական։ Երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը այժմ վերականգնուած է։ Կայ Ատրպէյճանի բազմազգ պետութիւն։ Բոլոր կրօններու ներկայացուցիչները կ՚ապրին բնականոն։ Հայ ժողովուրդը նոյնպէս այդպէս կ՚ապրի, մենք գործ չունինք հայ ժողովուրդին հետ», ըսաւ ան՝ երկրի պետական հեռատեսիլէն հրապարակուած ելոյթին ժամանակ։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախընթաց օր այցելեց Ֆիզուլի եւ Ճեպրայիլ քաղաքները, որոնք վերջին պատերազմի օրերուն անցան իր երկրի բանակի վերահսկողութեան տակ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2020