ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ազգային մեծ ժողովը երէկ հաւանութիւն տուաւ Հանրապետութեան նախագահութեան կողմէ պատրաստուած հրամանագրին, որով Պաքուի ղեկավարութեան պահանջին ընդառաջ, Թուրք զինեալ ուժերէն զինուորներ պիտի գործուղղուին Ատրպէյճան։ Այստեղ նպատակն է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնութեան ընթացքը վերահսկել եւ ազդու ձեւով պաշտպանել Թուրքիոյ շահերը։ Հրամանագիրով նախատեսուած է մէկ տարուան ժամկէտ մը։ Գործողութիւններուն մասնակցելիք զինուորներու թիւն ու անոնց առաքելութեան սկիզբի ժամկէտը պիտի որոշուի Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանին կողմէ։

Ներկայիս թուրք զինուորները երկրի սահմաններէն դուրս առաքելութիւն կ՚իրականացնեն Իրաքի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Լիպիոյ, Մալիի եւ Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան մէջ։ Որպէս եօթներորդ երկիր՝ այժմ այս շարքը կը համալրէ Ատրպէյճան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2020