ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ան երէկ դիմաւորեց առաջնագիծէն վերադարձած փրկարարներու գումարտակը ու տեղեկացուց, որ իր ձեռքերը արդէն ազատ են։ Ան 2018 թուականէն ի վեր կը զբաղեցնէր նախարարի պաշտօնը։

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հրադադարէն վերջ այսպէսով Հայաստանի կառավարութենէն երկու նախարար հրաժարական տուած եղաւ։ Նախընթաց օր հրաժարած էր Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը, իսկ երէկ անոր յաջորդեց Ֆելիքս Ցոլակեան։ Երեւանեան աղբիւրները կը հաղորդեն տասնեակ պետական պաշտօնեաներու հրաժարականի մասին։ Նոյն ծիրին մէջ երէկ պաշտօնը լքեց նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2020