ՄՇՈՒՇԱՊԱՏ ՄԻՋԱՎԱՅՐ, ԱՆՀԵՌԱՆԿԱՐ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հայաստանի մէջ մշուշապատ միջավայրը կը մնայ առկայ։ Անհեռանկար սպասումը կը շարունակուի երկրի քաղաքական կեանքէն ներս։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հետեւանքով յառաջացած ձախողումը բոլոր առումներով կաթուածահար դարձուցած է երկիրը։ Հայաստանի իշխանութեան դէմ ջնջուած է վստահութիւնը եւ ստեղծուած՝ համատարած անվստահութեան մթնոլորտ։ Բոլորը կը պահանջեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Սա, անշուշտ, ինքնանպատակ ակնկալութիւն մը չէ այս պահուն եւ ունի իր հիմնաւորեալ տրամաբանութիւնը։ Երկրէն ներս եւ երկրէն դուրս այս շրջանին աստիճանաբար յայտնի կը դառնան պատերազմի օրերու վերաբերեալ այնպիսի մանրամասնութիւններ, որոնք կը վերահաստատեն այդ սպասումներու արդարութիւնը։

Արդէն բոլոր հարթութիւններու վրայ կը բարձրաձայնուի իշխանափոխութեան հրամայականը եւ հարթ անցում մը կատարելու անհրաժեշտութիւնը։ Վերջին անգամ արդէն այդ սպասումը բարձրաձայնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ Վարչապետ Փաշինեան վերջին օրերուն յստակօրէն յայտնած է, որ իր օրակարգին վրայ հրաժարական տալու հարց գոյութիւն չունի։ Ան վերջերս խորհրդարանէն ներս ալ յայտնեց, որ ինք կը կրէ տեղի ունեցածին պատասխանատուութիւնը, բայց նաեւ ինքն ալ հարցեր օրակարգի վրայ կը բերէ իր հերթին։ Ան այս առաւօտ ալ ներկայացուց յառաջիկայի ամենակարեւոր ընելիքներու ճանապարհային քարտէսը՝ ընկերային ցանցերու միջոցաւ։ Ընդդիմութիւնն ալ ճանապարհային քարտէս մը կը հասունցնէ՝ երկրէ ներս առկայ իշխանափոխութեան պահանջին զուգահեռ։ Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, որոնք օրերէ ի վեր հանրահաւաքներ եւ բողոքի երթեր կը կազմակերպեն Երեւանի մէջ, կը տեղեկացնեն, թէ խաղաղապահներու գոյութիւնը կը համարուի անհրաժեշտութիւն։ Անոնք այսօր ալ հանրահաւաք մը նախատեսած են, որու ընդառաջ հաղորդած են, որ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին որոշումներն ու քայլերը հետզհետէ կը վրդովեցնեն քաղաքացիները։ Երեւանէն կը հասնին բռնութեան դէպքերու վերաբերեալ զանազան լուրեր։ Թէ՛ Փաշինեան եւ թէ ընդդիմութիւնը թէեւ յաճախ կոչեր կը հնչեցնեն բռնութիւններու բացառման մասին, սակայն ստեղծուած իրավիճակին մէջ գործնականօրէն այդքան ալ հնարաւոր չ՚ըլլար արդիւնք ձեռք ձգել։ Աչալուրջ շրջանակները մտահոգուած են, թէ պայթիւնավտանգ կացութիւն մը կրնայ յառաջանալ երկրէն ներս։ Ուստի, բոլորը կ՚ակնկալեն, որ անորոշ սպասումը ժամ առաջ հասնի իր աւարտին եւ երկիրը կարողանայ հետամուտ ըլլալ իր առջեւ ծառացած ծանր մարտահրաւէրներու յաղթահարման երկարաշունչ գործին։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ այս առաւօտ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով ակնկալուեցաւ, որպէսզի Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակը չսպառնայ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հրադադարի վերաբերեալ յայտարարութեան բոլոր կէտերու կեանքի կոչման։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2020