ՆՈՐ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԻՒՆ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հրադադարի համաձայնութենէն վերջ նոր աշխուժութիւն մը ստեղծուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Ռուսաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի յարաբերութիւններուն մէջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ուաշինկթըն եւ Փարիզ ներկայիս աւելի մեծ յստակութիւն կ՚ակնկալեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման պայմաններուն վերաբերեալ։ Ամերիկեան եւ ֆրանսական կողմերու այժմու սպասումները կ՚ընդգրկեն նաեւ այդ համաձայնութեան մէջ Թուրքիոյ դերի յստակեցումը։

Երէկ, ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան բանակցութիւններ վարեցին Փարիզի մէջ, ուր օրակարգի վրայ եկան Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի համաձայնութեան պայմանները։ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ տեղեկացուցին, որ Փոմփէօ եւ Լը Տրիան շատ խօսած են Լեռնային Ղարաբաղի մասին։ Ամերիկեան եւ ֆրանսական կողմերը այս փուլին կ՚ընդգծեն, որ առաջուայ նման հաւատարիմ կը մնան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ընթացակարգէն ներս իրենց վերապահուած դերակատարութեան։ Փոմփէօ եւ Լը Տրիան գնահատած են Ռուսաստանի կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւնները, որոնք ապահոված են հրադադար, որ փաստօրէն շաբաթէ մը ի վեր կը շարունակուի։ Անոնք համոզուած են նաեւ, թէ տակաւին կան բազում հարցեր, որոնց կապակցութեամբ յստակութիւն կը պահանջեն Ռուսաստանէն։ Այս ծիրին մէջ կը գտնուին համաձայնութեան չափորոշիչները, Թուրքիոյ դերը, իրավիճակի վերաբերեալ աւելի ծաւալուն տեղեկութիւններ եւ այլն։ Իր կարգին, Լը Տրիան տեղեկացուց, որ զրուցած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Այս վերջինը տեղեկացուցած է, որ ռուսական կողմը քայլերու ձեռնարկած է՝ կանխելու համար իրականութեան մէջ մարդասիրական աղէտ մը, սակայն կան հարցեր, որոնք տակաւին պէտք է քննարկուին։ «Մէկ կողմէ հրադադարը անհրաժեշտ էր հազարաւոր կեանքեր փրկելու համար, իսկ միւս կողմէ՝ այս հրադադարը չի կարգաւորեր խնդիրը։ Եւ հիմա հարց գոյութիւն ունի. վաղը ինչպէ՞ս պիտի կարգաւորուի հարցը ըստ էութեան», ըսաւ ֆրանսացի նախարարը։

Հարկ է նշել, որ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութիւնը նախընթաց օր ալ նմանօրինակ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած էր։ Նոյնպէս նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի միջեւ։ Փութին պատմած էր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման մասին՝ խօսելով նաեւ միջնորդական աշխոյժ ջանքերու շուրջ։ Մոսկուայի ջանքերը ապահոված են դադրեցնել արիւնահեղութիւնը եւ խուսափիլ նոր զոհերէ։ Երկու նախագահները քննարկած էին փախստականներու ապահով վերադարձի կազմակերպման, ենթակառուցուածքներու վերականգնման, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական եկեղեցիներու պահպանման անհրաժեշտութիւնը։ Փութին եւ Մաքրոն շեշտած էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ծիրը։

Այս բոլորով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ տեղեկացուց, որ այսօր ամերիկացի եւ ֆրանսացի դիւանագէտներ կ՚այցելեն Մոսկուա՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցը քննարկելու համար։ Ռուսական կողմէն այս հանդիպման ներկայ կը գտնուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ Իկոր Փոփով։

Այս օրուան ժողովին ընդառաջ Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց, որ այժմ առաջնային կը դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման խնդիրը։ Ռուս նախարարը երէկ Աւստրիոյ իր պաշտօնակցին՝ Ալեքսանտր Շալենպերկի հետ ալ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի կացութիւնը։ Ըստ Լաւրովի, ռուսական կողմը ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով հրադադարի յայտարարութեան վերաշարադրման բոլոր փորձերը ձախողին։ Բաց աստի, ան տարօրինակ նկատեց Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ մանրամասնութիւններու յստակեցման վերաբերեալ կոչերը։ Լաւրով այդ բոլորը համարեց թիւրիմացութիւն։

Իր կարգին, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ հաւաստիացուց, թէ Մոսկուա պատրաստ է Ուաշինկթընին եւ Փարիզին պարզաբանումներ ներկայացնել՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին եւ Թուրքիոյ ապագայ դերակատարութեան մասին։ Ըստ Փեսքովի՝ Քրեմլին կարեւոր ձեռքբերում կը համարէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զէնքերու լռած ըլլալը։ «Մարդիկ չեն զոհուիր եւ սա ամենաարժէքաւորն էր, որ կրնար ըլլալ», նշեց ան։

Մոսկուայի այս օրուան հանդիպման ընդառաջ Մայք Փոմփէօ ընդգծեց, որ վերջին մարտերու աւարտը միայն առաջին քայլն է՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ, բանակցային կարգաւորման ուղղութեամբ։ Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ամերիկացի պետական քարտուղարը ընդգծեց, որ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։ Ան քննադատական ակնարկութիւններ ալ ունեցաւ Թուրքիոյ հասցէին։ Փոմփէօ «ակրեսիվ» որակեց Անգարայի վերջին գործողութիւնները՝ նկատի ունենալով նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ծիրէն ներս աջակցութիւնը՝ Պաքուին։ Փոմփէօ համոզուած է, որ ԱՄՆ եւ Եւրոպա միասնաբար պէտք է աշխատին Մերձաւոր Արեւելքի՝ Թուրքիոյ վերջին ամիսներու գործողութիւններուն արձագանգելու համար։

Ուաշինկթընէն այլ քաղաքական դէմքեր ալ այս շրջանին կ՚անդրադառնան Լեռնային Ղարաբաղի իրադրութեան։ Ծերակուտական Պոպ Մենենտեզ, որ ծանօթ է իր հայամէտ դիրքորոշումներով, քննադատեց նախագահ Տանըլտ Թրամփը «քնացած» ըլլալով։ Ըստ իրեն, ԱՄՆ պէտք է աշխուժօրէն ներգրաւուի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Մինսքեան խմբակի բանակցութիւններուն մէջ, պէտք է դատապարտէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բռնութիւնը եւ պէտք է 100 միլիոն տոլար օգնութիւն տրամադրէ Հայաստանին եւ Արցախին։

Ըստ Փարիզէն հասած լուրերուն, Փութինի հետ հեռաձայնով զրուցելէ վերջ Էմմանիւէլ Մաքրոն Էլիզէի պալատէն ներս հիւրընկալած է ֆրանսահայ համայնքէն ներկայացուցիչներ։ Այս առթիւ ան խոստացած է մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկել Հայաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, արդէն ձեւաւորուած է յանձնախումբ մը, որ պիտի համակարգէ այս մարդասիրական օգնութիւնը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2020